“Արմէնփրէս”._ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հերքէ յայտարարութիւնը, թէ ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ: «Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ 2 Մարտի երեկոյեան ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ՝ չի համապատասխաներ իրականութեան», ըսուած է ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: