“Արմէնփրէս”._ 3 Մարտ 2022_ին Ազգային Ժողովի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնը կը ստանձնէ Ազգային Ժողովի յատուկ նիստով:

Խաչատուրեանի ընտրութեան արդիւնքները յայտնելէն վերջ ԱԺ փոխնախագահ, ԱԺ նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Յակոբ Արշակեան յիշեցուց, որ Սահմանադրութեան ու ԱԺ կանոնակարգ օրէնքին համաձայն՝ Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնը կը ստանձնէ ԱԺ յատուկ նիստով, որ արտահերթ ընտրութեան պարագային կը գումարուի Հանրապետութեան նախագահի ընտրուելէն 10 օր վերջ:

Յատուկ նիստ կատարելու կարգը սահմանուած է ԱԺ նախագահի առաջարկութեամբ, խորհուրդի որոշումով:
Վահագն Խաչատուրեանի թեկնածութիւնը ներկայացուցած էր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները ընտրութեան գործընթացին չեն մասնակցած: Խաչատուրեան ընտրուած է երկրորդ փուլով: