“Երկիր Մետիա”._4 Մարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով հեռաձայնային զրոյց ունեցած են։ Գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի մօտեցումներու համաձայնութիւնը։