Երկուշաբթի, 7 Մարտ 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 5:00-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Պէյրութի հարաւային բաժինէն Դամասկոսի վրայ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։ Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով արձանագրուեցան 2 զոհ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ։