6 Մարտին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով, Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեանն ու դեսպանութեան անձնակազմը այցելած են Սուրիոյ Խորհրդարան եւ հանդիպում ունեցած են խորհրդարանական Սուրիա-Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի անդամներուն հետ՝ խումբի նախագահ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեանի գլխաւորութեամբ: Շնորհաւորելով ներկաները, ՀՀ դեսպանը յայտնած է, որ հայ֊սուրիական յարաբերութիւնները խարսխուած են փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան ամուր հիմքերու վրայ, ինչ որ բազմիցս արտայայտուած է դժուար իրավիճակներու մէջ երկու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու իրարու նկատմամբ ցուցաբերած մարդասիրական եւ բարոյական աջակցութեամբ: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր համարած է Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումն ու դատապարտումը, որոնք դարձան հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու համերաշխութեան մէկայլ վկայութիւն: Հանդիպումի ընթացքին դեսպան Տ. Գէորգեան սուրիական կողմին փոխանցած է ՀՀ ԱԺ-ի փոխնախագահ, Հայաստան-Սուրիա միջխորհրդարանական բերակամութեան խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեանի՝ 24 Ապրիլին Հայաստան այցելելու մասին նամակ-հրաւէրը: Տիկին Լիւսի Իսկէնեան բարեկամութեան խումբի անունով ջերմօրէն շնորհաւորած է ՀՀ դեսպանը եւ դեսպանութեան ողջ անձնակազմը՝ երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յոբելեանին առիթով, պատրաստակամութիւն յայտնելով Հայաստանի իրենց գործընկերներուն հետ միատեղ ջանքեր գործադրել՝ խորհրդարանական դիւանագիտութեան ոլորտէն ներս գործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ընդլայնումին համար: