Բարձր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս սրբազնագոյն գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երեքշաբթի, 22 Փետրուար 2022-ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, ձեռամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի տեղի ունեցաւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի Վարդապետական գաւազանի տուուչութեան արարողութիւն, խարտաւիլակութեամբ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի։

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադառնալէ ետք Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնի խորհուրդին, թեմի Կրօնական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան անունով շնորհաւորեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութիւնը եւ մասնաւորաբար հայր Աշոտը եւ յոյս յայտնեց, որ վասն անսասանութեան հայ եկեղեցոյ, մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին եւ պայծառութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին, հայր սուրբը պիտի շարունակէ իր ամբողջանուէր ծառայութիւնը բերել Ֆրեզնոյի հայ կեանքին:

Յայտնենք, որ հայր Աշոտ իր վարդապետական աւարտաճառին համար նիւթ ընտրած էր Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեանի եւ Թեհրանի հայոց թեմին միջեւ կատարուած նամակագրութիւնները եւ այս ծիրէն ներս կատարած էր վերլուծական աշխատանք: