Ուսուցչաց տօնին առիթով, որ կը զուգադիպի 9 Մարտին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ ուսուցիչներուն: Այս առիթով, Հայրապետը նիւթական օժանդակութիւն կատարեց Լիբանանի (662) եւ Սուրիոյ (400) անխտիր բոլոր վարժարաններու ուսուցիչներուն: Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ յիշեալ երկիրներուն դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լոյսին տակ, մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն առընթեր, հրամայական է յատուկ ուշադրութիւն ընծայել մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան լծուած մեր ուսուցիչներուն: Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, հետեւողական կերպով, ընկերային ծառայութեան ճամբով կ՚օժանդակէ համայնքային կառոյցներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն: