“Երկիր”._Ատրպէյճան, ըստ սովորութեան, քննադատած է Ռուսիոյ՝ Արցախի Հանրապետութեան առումով Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը օգտագործելուն համար։ Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան երեկուան ճեպազրոյցին ընթացքին գերատեսչութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Սուրիան եւ Լեռնային Ղարաբաղը սնունդ եւ շտապ օգնութեան ապրանքներ մատակարարած են Քիեւի եւ Զաբորոժիէի շրջաններու բնակչութեան։ Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները եւ պաշտօնեաները զայրացուցած է Ռուսիոյ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ առանձին պետական միաւորում անուանելը, ինքնիշխան պետութիւններու կողքին: