“Երկիր Մետիա”._Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հերքած է ատրպէյճանական տեղեկատուութիւնը: «Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել սահմանի այս կամ այն բաժինին մէջ ՀՀ զինեալ ուժերու կողմէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն մարտական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ բանալուն մասին։ 8 Մարտին Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, թէ նոյն օրը, առաւօտեան, ՀՀ Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանի արեւմտեան բաժինին մէջ հաստատուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Այս տեղեկութիւնը նոյնպէս չի համապատասխաներ իրականութեան։ 7 Մարտին, սահմանի նոյն ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմի իրականացուցած սադրանքէն վերջ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ ՀՀ Զինեալ Ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ կը գտնուի», ըսուած է ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։