Սուրիական պատերազմը պատճառ դարձաւ, որ ոչ միայն համայնքի ազգային կեանքին, այլեւ սուրիական  ընկերութեան մէջ պետական մակարդակով վերանայում մը ըլլայ կնոջ դերին ու բարեփոխումներ արձանագրուին այս առումով:
Յատկապէս նկատի ունենալով այր մարդոց թիւի նուազումը գաղթին հետեւանքով, սուրիական ընկերութեան մէջ աշխատանքային տարբեր ոլորտներու մէջ սկսան ներառուիլ նախկին տարիներուն հետ բաղդատած աւելի մեծ համեմատութեամբ կիներ:
Սուրիոյ խորհրդարանէն ներս, վերջին ընտրութիւններուն, ներառուեցան աւելի մեծ թիւով կին երեսփոխաններ, սակայն գործադիր իշխանութեան մէջ այդ փոփոխութիւնը չնկատուեցաւ: Նոյնպէս կանանց թիւի աճ արձանագրուեցաւ պետական տարբեր մարմիններու ընտրութեան պարագաներուն: Վերջին տարիներուն Սուրիոյ համալսարաններուն մէջ ներգրաւուեցան աւելի մեծ թիւով կին դեկաններ, դասախօսներ, վարչական պատասխանատուներ եւ այլն:
Աւելին. Սուրիոյ մէջ զգալի դարձաւ կիները աշխատանքի ոլորտ մղելու պետականօրէն մշակուած ծրագիր մը, որուն արդիւնքը կը տեսնենք վերջին տարիներուն կազմակերպուած տարբեր ցուցահանդէսներով: Կնոջ ներգրաւումը բազմապատկուեցաւ նաեւ բարեսիրական, առողջապահական տարբեր հաստատութիւններու մէջ:
Նպատակը թէ՛ երկրի տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ կինը աշխատանքի մղելու խթանն էր՝ ընտանիքներու կենսամակարդակի պահպանման համար, թէ ալ այր մարդոց գաղթին հետեւանքով սուրիական ընկերութեան մէջ յառաջացած բացը գոցելն էր՝ կնոջ տարբեր ոլորտներու մէջ ներգրաւման ճամբով:
Տեղեկատուական, գիտահետազօտական, կրթական, վարչական եւ այլ մարզերու մէջ այսօր բազմապատկուած է կին պաշտօնեաներու, պատասխանատուներու թիւը՝ նախորդ տասնամեակին հետ համեմատած:
Սուրիահայ համայնքի կեանքին մէջ եւս նոյնն է պատկերը: Ազգային, ուսումնակրթական, տեղեկատուական տարբեր ասպարէզներու մէջ կիներուն թիւը նկատելի դարձած է:
Այս բոլորը ոչ թէ յառաջադէմ ըլլալու ցուցանիշ է միայն, այլեւ՝ ընկերութեան մէջ հաւասարակշռութեան պահպանման եւ տագնապներու յաղթահարման գործընթացին մէջ սեռերու դերերուն հաւասար բաշխման կարելիութեան ստեղծում:
Այդուհանդերձ կնոջ մասնակցութեան ընդլայնման կողքին, մտայնութիւններու փոփոխութիւնն ալ կարեւոր դեր ունի՝ կնոջ կարծիքը տղամարդու կարծիքին համահաւասար ըմբռնումով ընդունելու մտային սահմանափակումը յաղթահարելու համար: Առանց այդ սահմանափակման վերացման, կնոջ մասնակցութեան քաջալերանքը կը նմանի յառաջանալու սրընթաց վազքին մէջ մտնելու, բայց այդ վազքէն ետ մնալու յոռի երեւոյթին: