Եթէ նկատի ունենանք վերջին տարիներու աշխարհաքաղաքական զարգացումները, Սուրիոյ պատերազմը, Արցախի դէմ պատերազմը, շաբաթներ առաջ բռնկած Ուքրանիոյ պատերազմն ու անոր արդիւնքները, յստակ կը դառնայ տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն բանեցնելու համար նկրտող պետութիւններու հեռանկարները, եւ կարգ մը երկիրներու գործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը:
Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը զգալի դառնալուն հետ, ռուս-սուրիական յարաբերութիւնները այնքան սերտացան, որ Ուքրանիոյ պատերազմի զարգացումներուն առիթով Սուրիա կողմնակից դարձաւ Ռուսիոյ կեցուածքին՝ յստակօրէն ճանչնալով նաեւ անկախութիւնը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններուն:
Ռուսիան նաեւ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը հակակշռողի դերին մէջ է, այնպէս ինչպէս Արցախի մէջ, նաեւ Սիւնիքի, ատրպէյճանաթրքական վտանգին դէմ պատուար կը հանդիսանայ առայժմ:
Հայաստան չի կրնար ճանչնալ վերոնշեալ հանրապետութիւններու անկախութիւնը, այնքան ատեն որ չէ ճանչցուած Արցախի անկախութիւնը իր եւ հետեւաբար այլոց կողմէ:
Կը ստեղծուի՞ այդ առիթը յառաջիկայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն լոյսին տակ, դժուար է կռահել, սակայն պատրաստ պէտք է ըլլալ այդ տարբերակին, որովհետեւ Թուրքիան կրնայ որեւէ ատեն կտրական փոփոխութիւն կատարել Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու իր քաղաքականութեան մէջ, նոյնիսկ Սիւնիքի վրայ յարձակման փորձ կատարել:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի կը սպառնայ թրքական նոյնանման վտանգ՝ տարածքներու բռնագրաւումէն մինչեւ երկու երկիրներու մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան աճի հեռանկար՝ Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր զինեալներու օգտագործումով, Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման թէզով:
Ուստի Սուրիա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացումը, յատկապէս ներկայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ, կարելիութիւն կրնայ ստեղծել միասնական ելքեր որոնելու նախատեսուող տնտեսական թէ ապահովական դժուարութիւններէն:
Եթէ Սուրիոյ դէմ արեւմուտքի սահմանած պատիժներու ազդեցութեան յաղթահարման կրնայ նպաստել Հայաստանը՝ դուռ բանալով սուրիական արտադրութիւններուն Հայաստանի ճամբով դէպի արեւմուտք եւ Կովկաս հասանելիութեան դիմաց, Հայաստանի համար եւս Սուրիան կրնայ տնտեսական ուղի մը զարգացնել դէպի Միջին Արեւելք, ինչպէս նաեւ ապահովական իմաստով գործակցութեան եզրեր բանալ, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք ռուսական ներկայութիւնը միջերկրականի մէջ եւ այդ ճամբով ապահովական խարիսխներու ամրապնդումը այնտեղ, միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի սահմանին ու այդ երկուքին միջեւ կապ մը տեսնենք ապահովական իրավիճակներու վատթարացման պարագային:
Սուրիոյ նախագահը օրերս ստորագրեց Հայաստան-Սուրիա թռիչքներու համաձայնութիւնը հաստատող հրամանագիր մը: Այս քայլը, թռիչքներու աշխուժացումէն անդին,  կը յուշէ երկու երկիրներուն տարբեր դժուարութիւններու յաղթահարման մէջ հասարակ յայտարարներ որոնելու կարելիութիւնները: