“Երկիր Մետիա”._12 Մարտին Անթալիոյ թրքական դիիանագիտական ֆորումին, փակ դռներու ետեւ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Յատկանշական է, որ հանդիպումին մասնակցած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի թուրք ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ: ՀՀ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն վերահաստատած են երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը շարունակելու բնականոն գործընթացը յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման նպատակով՝ առանց որեւէ նախապայմանի։ Հանդիպումէն անմիջապէս վերջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, որ Հայաստան վճռական է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու իմաստով: «Մենք պիտի շարունակենք անվերապահ շփումները երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար», ըսած է Միրզոյեան եւ աւելցուցած. «Կը կարծեմ, որ հրաւէրը բաւական դրական ուղերձ էր եւ անհրաժեշտ կը համարեմ նոյն դրական ձեւով արձագանգել այդ ուղերձին։ Հանդիպումի ընթացքին վերահաստատած ենք երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը շարունակելու կարգաւորման գործընթացը՝ յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման նպատակով՝ առանց որեւէ նախապայմանի։ Մեր երկու ներկայացուցիչները կ’աշխատին այդ ուղղութեամբ։ Ուրախ եմ տեսնել, որ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւնները կը փորձեն կառուցել խաղաղութիւն և կայունութիւն մեր տարածաշրջանին մէջ։ Հայաստանի կողմէն եւս այդ պատրաստակամութիւնը կայ՝ ունենալու խաղաղ եւ կայուն տարածաշրջան», ըսած է Արարատ Միրզոյեան։ Իր կարգին Չաւուշօղլու Միրզոյեանի հետ հանդիպումը կառուցողական անուանած է. «Մեր հանդիպումը շատ արդիւնաւէտ եւ կառուցողական էր: Նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Պաշքինայի դրական ուղերձներէն վերջ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց սկսած է, նշանակուած են յատուկ բանագնացներ: Յատուկ բանագնացները երկու անգամ հանդիպած են Մոսկուայի և Վիեննայի մէջ: Անոնք քննարկած են յարաբերութիւնները կարգաւորելու քայլերը, մենք եւս այսօր քննարկեցինք այդ քայլերը», ըսած է է Չաւուշօղլուն: Յիշեցնենք, որ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումը բացառապէս թրքական նախագիծ է, որ հիմնադրուած է Էրտողանի կողմէն։ Այդ ֆորումին առաջին հաւաքը տեղի ունեցած է անցեալ տարի: Մասնակիցներու ճնշող մեծամասնութիւնը թրքալեզու պետութիւններու ներկայացուցիչներ են եւ/կամ եւրոպական եւ ամերիկեան ինչ-որ ժամանակի դիւանագէտներ, որոնք թրքական գրասենեակի անթաքոյց ներկայացուցիչներ են։ Օրինակ, անցեալ տարուան Ֆորումին մասնակցած է տխրահռչակ Մեթիու Պրայզան, որ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ վերջ զբաղած էր Թուրքիոյ շահերու պաշտպանութեամբ։ Ֆորումի մասնակիցներուն թէ՛ անցեալ տարուան, թէ՛ այս տարուան ճնշող մեծամասնութիւնը մեծ բերկրանք ապրած է 44-օրեայ պատերազմին արդիւնքներով, պաշտօնական շնորհաւորանքներ յղելով Ալիեւին։ Նախացահ Էրտողան անձամբ նախաձեռնած եւ կազմակերպած է ֆորումը։ Ամէն պարագայի, Ֆորումը կարելի չէ միջազգային անուանել, քանի որ անիկա զուտ փրօթրքական եւ միջթրքական ֆորում է: