12 Մարտ 2022_ին Մեսրոպ Մաշտոցի համալսարանը յայտարարութիւն հրապարակեց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին շուրջ. “Մենք՝ Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի մէջ տեղի ունեցած «Կովկասեան Տարածաշրջանի Արդի Հիմնախնդիրները. Հնարաւորութիւններ եւ Մարտահրաւէրներ» նիւթով միջազգային գիտաժողովի գիտնականներս, հանդէս գալով միասնական յայտարարութեամբ, նպատակ ունինք միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւ Արցախի Հանրապետութեան՝ Ատրպէյճանի կողմէն բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ տիրող իրավիճակին:

Յայտարարութեամբ կ’արձանագրենք, որ 2020_ի աշնան Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած զինուորական յարձակումը ուղեկցուած է Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած զինուորական յանցագործութիւններով, քաղաքացիական բնակավայրերու եւ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորումով, հայկական մշակութային ժառանգութեան թիրախաւորումով եւ ոչնչացումով, Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու բռնազաւթումով:

10 Նոյեմբեր 2020-ին Ռուսիոյ նախագահի, ՀՀ վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի ստորագրած Եռակողմ համաձայնութեամբ եւ Արցախի Հանարապետութեան մէջ հաստատուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայումէն վերջ Ատրպէյճան չէ հրաժարած պետական մակարդակով խրախուսուող անպատժելի մնացած հայատեաց ահաբեկչական քաղաքականութենէն, որուն նպատակներէն մէկն ալ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան վարկանիշը հարուածելը եւ դուրս մղելն է:

Ատրպէյճան կը շարունակէ ուժ կիրառել՝ թիրախաւորելով շփման գիծի մերձակայքի հայկական խաղաղ բնակավայրերը եւ քաղաքացիական բնակչութիւնը։ Նախապէս փոքր տրամաչափի զինատեսակներով կրակոցներու վերջին շրջանին յաջորդած են խոշոր տրամաչափի զինատեսակներու կիրառումը, յատկապէս՝ ականանետային հարուածները: Նման գործելակերպի հետեւանք են խաղաղ բնակիչներու շրջանին ահաբեկումի, սպանութեան եւ վիրաւորման դէպքերը: Համատարած խախտումներ արձանագրուած են Արցախի մէջ ապրող մարդոց իրաւունքներու հարցով։

Ատրպէյճան չէ խորշած նաեւ մարդկային ճգնաժամ ստեղծելու գործելակերպէ. վերջին օրերուն ՀՀ-էն Արցախի Հանրապետութիւնը սնուցող միակ կազատարի վթարի վերականգնումը խոչընդոտուած է ատրպէյճանական կողմէն։ Ատրպէյճան Արցախի Հանրապետութեան դէմ գործադրած է հոգեբանական ահաբեկչութիւն, յատկապէս` շփման գիծի մերձակայ խաղաղ բնակավայրերու բնակչութեան պարբերաբար բարձրախօսներով կոչ կատարելով անհապաղ լքելու բնակավայրերը:

Կը շարունակուի Ատրպէյճանի տեղեկատուական ահաբեկչութիւնը, որ կ’արտաայտուի հայկական տեղեկատուական կայքերու եւ ընկերային էջերու նկատմամբ ցանցահենային (հաքըրային) յարձակումներով: Միաժամանակ Ատրպէյճանի տեղեկատուական դաշտը կը շարունակէ մնալ հայատյացութեան քարոզչութեան դրսեւորման գլխաւոր հարթակ:

Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ պետական մակարդակով ամրագրուած հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութիւն կ’իրականացուի: Ատրպէյճան որեւէ ձեւով չէ հրաժարած հայատյացութեան քաղաքականութեան տեսական եւ գործնական դրսեւորումներէն:

Ատրպէյճանի կողմէն պետական մակարդակով իրականացուող գործողութիւնները նպատակաուղղուած են Արցախի Հանրապետութեան հայաթափման, առաջին իսկ պարագային` նաեւ էթնիկ բնաջնջումի: Նկատի առնելով ստեղծուած իրողութիւնները՝ մենք՝ գիտական հանրոյթի ներկայացուցիչներս, կը դիմենք միջազգային հանրութեան, կիրառելու բոլոր կարելի լծակները, Ատրպէյճանի պետական ահաբեկչական քաղաքականութիւնը զսպելու նպատակով:

Կոչ կ’ուղղենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան վերագործարկելու ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը իրենց իսկ կողմէն ընդունուած սկզբունքներու հիմքով: Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իւրացումը այլընտրանք չունի:

Մեսրոպ Մաշտոց համալսարան Արցախի Հանրապետութիւն,

ք. Ստեփանակերտ,

12 Մարտի, 2022”