“Երկիր”._Ուքրանիոյ մէջ, տեղւոյն հայկական կառոյցներու տուեալներով, պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհուած հայերու թիւը արդէն 11 է։ Տեղւոյն հայերու միութեան փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, Խարկովի մէջ մահացած է 26-ամեայ Արտյոմ Այվազեան, ան կամաւոր էր, կ’օգնէր իր քաղաքի կարիքաւորներուն՝ անոնց սնունդ և դեղօրայք հասցնելով։ Հայերու շրջանին մէջ զոհերէն 8-ը քաղաքացիական անձեր են։ «7-ը խաղաղ բնակիչներ են` ազգութեամբ հայ, 3-ը, զինուորականներ: Առաջին զոհը Խերսոն քաղաքի մէջ էր, որմէ արդեն 10-15 օր անցած է, ունինք Չոնգար քաղաքի մէջ, Մարիուպոլ քաղաքի մէջ», յայտնած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան փոխնախագահ Դաւիթ Մկրտչեան։ Ուքրանիոյ մէջ հայերու թիւը մինչև պատերազմ մօտաւորապէս 350 հազար էր, թէ անոնցմէ քանին վերջին 3 շաբաթներու ընթացքին կրցած են լքել պատերազմող երկիրը, յայտնի չէ։

Ուքրանիոյ հայերու միութեան փոխնախագահը ըսած է` կը փորձեն հասկնալ, թէ քանի հոգի մնացած է։