“Երկիր”._Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ստորագրած է որոշումը, որով հաստատած է «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու Մասին» «Շուշիի Հռչակագիրը»։ Որոշումը հրապարակուած է Resmi Gazete պաշտօնական կայքի 22 Մարտի համարին մէջ։ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, համաձայն հռչակագիրին, պայմանաւորուած են ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիման վրայ փոխադարձ զինուորական օգնութիւն ցուցաբերել կողմերէն մէկու անկախութռան, ինքնիշխանութեան և տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգներու եւ սպառնալիքներու պարագային։ Հռչակագիրին համաձայն, եթէ նման վտանգներ յառաջանան, Պաքուն և Անգարան միատեղ խորհրդակցութիւններ պիտի կատարեն, հանդէս պիտի գան այդ վտանգներն ու սպառնալիքները վերացնելու նախաձեռնութիւններով եւ փոխադարձ օգնութիւն պիտի ցուցաբերեն։ Միաժամանակ, անյապաղ քննարկումներու ու միատեղ գործողութիւններու միջոցով պիտի որոշուի օգնութեան ծաւալն ու ձեւը, երկու երկիրներու զինեալ ուժերը պիտի իրականացնեն անհրաժեշտ համակարգումը։ Բացի անկէ՝ հռչակագիրին մէջ կայ կէտ, ըստ որուն՝ Պաքուն և Անգարան պիտի շարունակեն միատեղ ջանքերը երկու երկիրներու զինեալ ուժերը ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան արդիականացնելու ուղղութեամբ։ Հռչակագիրի մէկ այլ հակահայկական կէտով նշուած է, որ Ատրպէյճանը և Թուրքիան «կ’աջակցին առանձին երկիրներու արխիւներու բացումին եւ պատմաբաններու կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915_ի իրադարձութիւններու հետաքննութեան»: