Յանկարծ Հայաստան-Թուրքիա խօսակցութիւնները կը թուին մղուած ըլլալ երկրորդ գործատարածք եւ Հայաստան կը դիմագրաւէ ատրպէյճանական ուժերու նոր ոտնձգութիւնը ՀՀ սահմանային գիծերուն վրայ։ Հարց պէտք է տալ, թէ ի՛նչ ռազմավարական դրդապատճառներ կը գործեն Պաքուի այս նախայարձակ (aggressive, ագրեսորական) շարժումներուն ետին։ Եւ ինչո՛ւ այս քուլիսային խժալուրը Փաշինեան-Ալիեւ հաւանական խօսակցութիւններու առկայութեան մասին՝ Արցախի կարգավիճակը ճշդելու գաղտնի օրակարգով։
Բնականաբար պէտք է խուսափիլ հրապարակը շարունակաբար ողողող տարաձայնութիւններու քաոսէն։ Բայց նաեւ կարեւոր է մեծագոյն զգաստութեամբ հետեւիլ իրերու ընթացքին, եթէ նոյնիսկ տարածաշրջանի հարթակը անհրաժեշտ չափով թափանցիկ չէ եւ տեղեկոյթը՝ ժլա՛տ։
Ես համոզուած եմ, որ այսօր Արցախի հարցի ետին Հայաստանի անկախ պետականութեան իրողական (de facto) կարգավիճակի հարցն է, որ կը վճռուի։ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան եւ Արցախի իրաւական վիճակի վէճերուն ետին ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ գոյութենական խնդիրն է, որ ամէնէն սուր ձեւով դրուած է տարածաշրջանի սակարկութիւններու սեղանին վրայ։
Այսօր, Կովկասի մէջ ուժերու դասաւորումը հետեւեալն է.
Ա- Հակառակ Վարչապետ Փաշինեանի եւ եւրոպացի դիւանագէտներու կիրթ խօսոյթին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբը էապէս բացակայ է այս կէտին վրայ եւ ինքնաբերաբար Արցախի հարցը «պատուիրակուած» է Ռուսիոյ Դաշնութեան։ Այս է մերկ իրականութիւնը, քանի որ Արեւմուտքի ուժերու օրակարգին վրայ Արցախը այլեւս տեղ չունի։
Բ- Մոսկուա կը շարունակէ վարել իր մեղսակից (Ալիեւին ի նպաստ) կրաւորականութիւնը հիմնուած՝ Ալիեւի խորքային յարաբերութիւններուն վրայ Մոսկուայի establishment-էն ներս։ Ալիեւ կրցած է «գրաւել» Մոսկուան եւ փակել հայ դիւանագիտութեան ճանապարհները դէպի Մոսկուա։ Այս երեւոյթը աւելի եւս շեշտուած կը թուի Ռուսիա-Ատրպէյճան վերջին համաձայնագրի ստորագրուելէն ի վեր։
Գ- Բացայայտօրէն կրաւորական հեռաւորութենէ մը կը գործէ նաեւ Իրանը։ Այս վերջինը յստակօրէն փոխած է իր վերաբերմունքը Արցախի հարցին նկատմամբ։ 44-օրեայ պատերազմի մեր պարտութիւնը քարուքանդ ըրաւ ՀՀ դիրքերը Իրանի մէջ եւ այլուր։ Իրան կը փորձէ նոր խաղաքարտերով գործել տարածաշրջանին մէջ եւ հետեւաբար կը փնտռէ նոր եւ աւելի պիտանի բնական դաշնակիցներ։ Մենք այլեւս այդ պայմանը չենք լրացներ եւ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը ոչինչ տուած է ցարդ այս ճակատը վերականգնելու համար։
Դ- Իսկ Թուրքիա, որ այժմ,-  Ուքրանիոյ պատերազմի բովին մէջ,-  դրուած է երկու քարի միջեւ եւ կը փորձէ կառչիլ իր տարածաշրջանային լծակներուն, ակնյայտօրէն կը ջանայ Ատրպէյճանը մղել յատուկ դերակատարութեան մը Հայաստանի վրայ պահպանելու համար թուրքեւատրպէյճանական հզօր հակակշիռը։
Այս կացութեան մէջ, առայժմ գէթ, կը թուի թէ Ալիեւ կը գործէ բաւական դիմացկուն «սպիտակ թուղթ»ով (carte blanche) մը Հայաստանի նկատմամբ։ Յանկարծ իր ձեռքերը ազատ են եւ ինք վճռած է վայրկեանը չմսխել։ Պարզ խօսքով, Հայաստան դրուած է de facto «մարզպանական» դիրքերու վրայ թէկուզ միջազգային de jure կարգավիճակով։
Տարածաշրջանի ներկայ աշխարհաքաղաքական դրուածքով (եւ յատկապէս Ուքրանիոյ պատերազմով ճշդուած ռուսական նոր առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ), «Արքա»ն այսօր Ատրպէյճանն է, իսկ «Արքայից Արքան»՝ Մոսկուան…Այս երկու «արքայ»ական ուժերու,- յաճախ հակադիր,- շահերն են, որոնք պիտի ճշդեն, թէ պատանդային կարգավիճակի ո՞ր աստիճանին վրայ պիտի գործէ վաղուան Հայաստանը եւ ի՛նչ կառավարութեամբ։ Տարածաշրջանի կացութեան «ինքնահոս»-ը այստեղ է, որ կ’առաջնորդէ մեր պետականութիւնը այսօր եւ Փաշինեանի կառավարութիւնը անքակտելի մասն է այդ տարերային «ինքնահոս»-ին։
Հետեւաբար պարզ է, որ մեր այս փակուղային կացութիւնը կը կարօտի ամէնէն արմատական վերաձեւակերպման։ Մեր ազգային առաջնահերթութիւնն է այսօր կասեցնել «ինքնահոս»-ը։ Կասեցնել ներքին արիւնահոսութիւնը։ Սանձերը վերստին առնել մեր ձեռքը։ Ազգի՛ն ձեռքը։
Այս նուաստացուցիչ կացութենէն կարելի է դուրս գալ։ Այս նուաստացուցիչ կացութենէն մեր երկիրը կրնայ դուրս գալ միայն երբ ՀՀ Ընդդիմութիւնը նոր խիզախութեամբ, նոր վարդապետութեամբ եւ նոր միասնականութեամբ վերցնէ ձեռնոցը եւ ՀՀ քաղաքական բեմէն անյապաղ դուրս դնէ ներկայ իշխանութիւնը եւ միաժամանակ շուռ բերէ տարածաշրջանի խաղատախտակը։
Ներկայ իշխանութիւնը եւ տարածաշրջանի այս ականուած խաղատախտակը նոյն անկումային իրականութեան մաս կը կազմեն։ Մեր երկրին պարտադրուող նոյն գահավիժային փլուզումն է, որ պէտք է անպայման կասեցուի։ Եւ կասեցուի ամէնէն արտակարգ եւ հակաճգնաժամային միջոցներով։ Ազգը պիտի կանգնի որպէս ազգ եւ ընէ ինչ որ պէտք է իր հօր ժառանգութիւնը վերստին կարենալ շահելու համար։
Կրկնե՞նք, որ չունինք ժամանակի թանկ հաճոյքը։ Կրկնե՞նք, որ Հանիբալը հասած է մեր դռներուն։ Կրկնե՞նք, որ նժարի վրայ է մեր ողջ ոգեկան հարստութիւնը։ Մեր կեանքի նպատակը։ Մեր մարդկային արժանավայելչութի՛ւնը։
Եւ կրկնե՞նք, որ վաղուց անցած է խօսքի ժամանակը եւ մեր ժողովուրդը զզուած է այլեւս լսելէ՝ կը սպասէ գործի ազդանշանին։
Կարօ Արմէնեան