Քանի որ աշխարհը ժամ առ ժամ, վայրկեան առ վայրկեան կառչած է ամէնօրեայ լուրերու հոսքին, կ’ուզեմ բոլորիդ ուշադրութիւնը հրաւիրել մեզի՝ ստեղծագործողներուս, մուտք գործելու այս դիւցազնային փոփոխութիւններու, տեսլականի եւ հեռանկարներու այս ժամանակաշրջանը: Մենք կ’ապրինք մարդկութեան պատմութեան աննախադէպ ժամանակաշրջանի մը մէջ, եւ մեր ապրած խոր ու հետեւանքային փոփոխութիւնները, մարդկային եւ ոչ-մարդկային աշխարհներու յարաբերութիւններուն մէջ, գրեթէ վեր են մեր խօսելու, արտայայտելու եւ ընկալելու կարողութիւններէն:
Մենք չենք ապրիր 24-ժամեայ լրատուական շրջանակին մէջ, մենք կ’ապրինք ժամանակի եզրին: Թերթերն ու լրատուամիջոցները լիովին անզօր են հաղորդելու այն ամէն ինչը, որ մենք կը զգանք եւ կ’ապրինք:
Ո՞ւր է լեզուն, շարժումը եւ պատկերը, որոնք մեզ թոյլ կրնան տալ ընկալելու այս խորքային փոփոխութիւնները, որոնց մէջէն կ’անցնինք: Եւ այս օրերուն ինչպէ՞ս կրնանք մեր կեանքի փորձառութիւնը փոխանցել մարդոց՝ ոչ թէ որպէս հաղորդագրութիւն, այլ որպէս իրական կեանքի փորձ:
Թատրոնը փորձի արուեստն է:
Աշխարհի մը մէջ, որ ծանրաբեռնուած է մամուլի լայնածաւալ արշաւներով, ամէնօրեայ լրատուութեամբ, սարսափազդու կանխատեսումներով, ինչպէ՞ս կրնանք անցնիլ այս անվերջ կրկնութենէն անդին՝ զգալու կեանքի, բնութեան, ընկերութեան անսահմանութիւնը: Համաճարակի երկու տարիները թուլցուցեր են մարդոց զգացումները, սահմանափակեր՝ մարդոց կեանքը, խզեր են յարաբերութիւնները եւ մեզ հասցուցեր՝ մարդկային բնութեան տարօրինակ եւ զեռոյական կէտին:
Ի՞նչ սերմեր պէտք է տնկուին այս տարիներուն, որո՞նք են գերաճած եւ աւելորդ տեսակները տնկիներուն, որոնք պէտք է ամբողջութեամբ եւ վերջնականապէս արմատախիլ ըլլան: Այսօր այնքան շատ մարդիկ կան այդ եզրին: Այնքան շատ է անտրամաբանական եւ անսպասելի բռնութիւնը, եւ այնքան շատ են այն համակարգերը, որոնք դաժանութիւն սփռող կառոյցներ են:
Ո՞ւր են մեր յիշատակի արարողակարգերը: Ի՞նչ պէտք է յիշենք: Որո՞նք են այն արարողութիւնները, որոնք թոյլ կու տան մեզի, ի վերջոյ, վերիմաստաւորուիլ եւ առնել այն քայլերը, որոնք ժամանակին երբեք չենք առած:
Տեսլականի, հեռանկարի, վերականգնումի եւ վերիմաստաւորման թատրոնը նոր արարողակարգերու կարիք ունի: Մեզի պէտք չէ զուարճանք: Մեզի պէտք է համախմբում: Մենք պէտք է բաժնեկցինք այս տարածութիւնը, եւ մշակենք զայն՝ պաշտպանելով եւ պահպանելով հաւասարութիւնը:
Թատրոնը երկրի վրայ մարդոց, աստուածներու, բոյսերու, կենդանիներու, անձրեւի եւ վերածնունդի միջեւ հաւասարութեան տարածութեան ստեղծումն է: Թատրոնի մէջ այդ տարածութիւնը լուսաւորուած է թաքնուած գեղեցկութեամբ, որ կենդանի կը պահէ իմաստութեան եւ գեղեցիկի փոխազդեցութիւնը:
The Flower Ornament Sutra-ի մէջ Պուտտան կը թուարկէ մարդկային կեանքի ընթացքին հաստատակամութեան տասը տեսակներ: Ամենահզօրներէն մէկը կը կոչուի հաստատակամութիւն՝ բոլորը որպէս պատրանք ընկալելու: Թատրոնը միշտ ներկայացուցած է այս աշխարհի կեանքը որպէս պատրանք, որ մեզի կարելիութիւն կու տայ տեսնելու մարդկային պատրանքը, մոլորութիւնը, կուրութիւնը, պարզութիւնը եւ ուժը: Մենք այնքան վստահ ենք, թէ ինչպէս կը նայինք այս ամէնուն, որ չենք յաջողիր տեսնել եւ զգալ այլընտրանքային իրողութիւնները, նոր կարելիութիւնները, տարբեր մօտեցումները, աննշմարելի յարաբերութիւնները եւ յաւերժական կապերը: Հիմա մեր միտքերուն, զգացումներուն, երեւակայութեան, պատմութեան եւ ապագայի թարմացումին ժամանակն է: Այս ամէնը չեն կրնար ընել մինակ, մեկուսացուած աշխատող մարդիկ: Սա աշխատանք մըն է, որ պէտք է ընենք միասին: Թատրոնը այս գործը համախմբուած տանելու համար է:
Փիթըր Սէլարզ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Վեհան Պարսումեան