Քեսապցի Մանուկ փոքր հասակէն հօր հետ միասին պարտէզի գործերը առաջ տարած էր: Հօր աշխատանքին հետեւելով սորված էր պարտէզի բոլոր գործերը: Այդ գործերէն մին՝ ծառեր յօտելն էր:
Դեկտեմբեր ու Յունուար ամիսներու ընթացքին կը սկսէր դեղձի ծառերը յօտել, ապա խնձորի ծառերուն կարգը կը հասնէր:
Մանուկին հայրը իրեն գործեր վստահած էր փոքր տարիքէն. Իր կարողութեան ու հասակին համապատասխան գործեր: Անոր վստահած էր խնձորի ծառերը յօտելը՝ նախ փոքր ծառերը, կամ մեծ ծառերուն ստորին ոստերը: Հայրը տղուն քաջալերելու համար անոր հասակին յարմար տախտակէ եռոտանի, երկյարկ աստիճան մը շինած էր: Մանուկ երբ այդ աստիճանին վրայ կը բարձրանար, ինքզինք հսկայ մը կը համարէր՝ «Պարտէզի Արքան»: Այնուամենայնիւ բարձր ոստերուն ու ծառերուն գագաթին հասնիլը անոր երազն էր, որ օր մը իրականացած կ’ուզէր տեսնել.  անհամբեր էր այդ օրուան հասնելու համար:
-Մի՛ աճապարեր, տղա՛ս, օրերը այնքան արագ կը սահին, որ աչքդ բաց-գոցէ՝ դուն ալ այս ծառերու գագաթին կը հասնիս,- ժպիտը դէմքին հանդարտ ու մեղմ խօսակցութեամբ հայրը կը փորձէր համոզել Մանուկը:
Մանուկ իր կարգին քանի՜-քանի՜ անգամներ փորձած էր շուտ մեծնալ, աչքը գոցելով ու բանալով, բայց չէր յաջողած. աւելի ուժեղ փակած ու բացած էր, բայց փորձը կրկին ապարդիւն մնացած էր: Երբ գլուխը բարձրացնէր,  ծառին գագաթը այնքան բարձր ու հեռու կը թուէր իրեն, որ երկնքին մօտիկ բան մը կը համարէր զայն:
Տարիները իրապէս արագ թաւալեցան ու երկարամեայ փորձառութենէն ետք, Մանուկ հասկցաւ որ «աչք գոցել-բանալը», ակնթարթն անգամ ժամանակի կը կարօտին: Հասկցաւ, որ հայրը, որքան համբերատար էր իրեն հանդէպ: Ան իրեն համար տախտակէ փոքր եռոտանի աստիճան մը շինած էր ու զինք քաջալերելու, ուրախացնելու համար ճիգ չէր խնայած: Իսկ հիմա, ծառին գագաթը հասնելու մարմաջը յագեցած էր ու ալ իր առօրեան դարձած:
Ան մէկ ոտքը ծառի հաստ ոստերէն մէկուն վրայ դնելով, ամբողջ մարմնի ծանրութիւնը այդ ոստին կը վստահէր, իսկ միւս ոտքը անոր ամենամօտիկ մէկ այլ հաստաբուն ճիւղին վրայ կը հաստատէր, որպէսզի մարմնի հաւասարակշռութիւնը պահէր: Ան վերջապէս հասկցաւ, որ ծառին գագաթը բարձրանալը խաղ ու պար չէր, այլ՝ հմտութիւն ու վարժութիւն կը պահանջէր:
Մանուկ ծառի յարդարումը ներսէն աւարտելէ ետք, այս անգամ եռոտանի, եռայարկ երկաթէ աստիճանը կ’օգտագործէր ծառը դուրսէն յարդարելու համար: Այդ աստիճանն էր, որ հայրը պատրաստել տուած էր գիւղի երկաթագործին: Մանուկ իւրաքանչիւր ծառի յօտելը ամբողջացնելէ ետք, հիացումով կը քննէր ծառը, որ Մարտ ամսուն կիսուն, կամ քիչ մը աւելի ուշ պիտի ծաղկէր ու իրօք հարսի հագուստ պիտի հագնէր: Գեղեցիկ հարսի հագուստ մը, որուն վրայ տեղաւորուած ծաղիկները աստուածային պիտի ըլլային: Այդ ծաղիկները պտուղի պիտի վերածուէին, ու ամէն մէկ ծառ, որքան ծաղիկ ունենար, այնքան առատ բերք պիտի տար: Ահա թէ ինչո՛ւ Մանուկ իւրաքանչիւր ծառ յօտելուն՝ կարծես հարս մը կը սազէր, բծախնդրութեամբ եւ ուրախութեամբ:
Յօտելու աշխատանքին ընթացքին, մտահոգ ուրախութիւն մը կը պատէր անոր սիրտն ու հոգին: Ուրախութիւն, որովհետեւ իր աշխատանքի արդիւնքը պիտի վաստակէր իր ճակտի քրտինքով, բերքը շուկայ պիտի ղրկէր ու անոր եկամուտով ինչե՜ր ըսես պիտի չընէր: Մտահոգութիւնն ալ կը պղտորէր ուրախութիւնը, որովհետեւ խենթ Մարտի հովն ու կարկուտը անբաղձալի էին, անոնք կրնային ամբողջ աշխատանքը փճացնել: Մանուկ, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ Աստուծոյ վստահելով պարտէզի գործերը կը շարունակէր առաջ տանիլ:
Պարտէզի ծառերը յօտելու գործը համարեայ իր աւարտին հասցուցած էր արդէն: Այդ օր երբ եռոտանի երկաթեայ աստիճանը կը բարձրանար, նկատեց, որ աստիճանի առաջին երկաթի միացած հանգոյցը (լէհիմը) անջատուած էր: Մանուկ այդ օր որոշեց աստիճանը պարտէզ չձգել: Ուսին վրայ առաւ զայն, որպէսզի ինքնաշարժին «Pick Up»-ին վրայ բեռնար ու երկաթագործին յանձնէր՝ նորոգելու զայն:
-Մանո՛ւկ, աստիճանը ուսդ առած ո՞ւր կը տանիս,- հարցուց կինը՝ Մանուշը:
-Երկաթագործին կը տանիմ, որ նորոգէ,- պատասխանեց Մանուկ:
Մանուշ հետաքրքիր նայուածքով Մանուկին կը հետեւէր: Այդ աստիճանը երկար տարիներէ ի վեր ծառայած էր իրենց: Մանուկ ծառերուն հետ ունեցած էր այդ աստիճանը, որովհետեւ առանց անոր չէր կրնար ծառերը յօտել, մանաւանդ բարձր ոստերուն հասնիլ: Բերքահաւաքին, բարձր ոստերուն վրայ տեղաւորուած խնձորներուն առանց այդ աստիճանին կարելի չէր հասնիլ ու քաղել զանոնք:
Մանուշ փորձեց ամուսինը համոզել, որ նոր աստիճան մը շինել տայ:
-Այս ատիճանը հայրս շինել տուած է, Մանո՛ւշ, եւ անգամ մը ինք նորոգել տուած է, երկար տարիներ ծառայած է մեզի հաւատարմութեամբ: Այսօր հակառակ անոր, որ հայրս չկայ, աստիճանը տակաւին կայ: Ամէն անգամ երբ ոտքս առաջին երկաթին կ’երկարեմ ու վեր կը նայիմ, հայրս կը տեսնեմ ծառին գագաթը, յօտելու մկրատը ձեռքին, հաճելի սուլոցով երգ մը կը սուլէ ու ես անոր սուլոցին հետ կ’երգեմ:
Մերթ ընդ մերթ մեղմօրէն թելադրանք մը կ’ուղղէ ինծի, երբեմն կը քաջալերէ, իսկ երբ տախտակէ եռոտանի աստիճանէն վար իյնամ, ծառին գագաթէն վար կ’իջնէ. «Բան մը եղա՞ւ» ըսելով կը մխիթարէ, իսկ ես,- ներքուստ համոզուած, թէ երիտասարդ տղաքը պէտք չէ լան ու ցաւ արտայայտեն,- ակամայ լացս կուլ կու տամ ու ոտքի կ’ելլեմ:
Դեռ ի՜նչ յիշատակներ կը կենդանացնէ այս աստիճանը: Այսօր նորոգելու տանիմ: Այս աստիճանը դեռ երկար կը դիմանայ, բայց արդեօ՞ք ես ալ անոր չափ կը դիմանամ, անոր կեանքին չափ Աստուած կեանք պիտի տա՞յ ինծի…:
-Մանո՛ւկ, ինչե՜ր կ’ըսես,- բարկացած ու ջղայնացած կը պատասխանէ Մանուշ:
– Գիտեմ, գորովդ անսահման է ու յորդող սիրովդ կը բարկանաս, բայց…
Սեւան Ա. Մանճիկեան