Օրերս Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպանութիւնը կազմակերպած է Եգիպտոսի Օփերայի սրահին մէջ երաժշտական երեկոյ հայ-եգիպտական դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուելու երեսունամեակին նուիրուած:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի Ատենապետ ՝ Արմէն Մազլումեանի դիմատետրեան էջէն: Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցած է Հայաստանէն երգի պարի Cadence պարախումբը, իսկ նուագախումբը ներկայացուցած է հայ, եգիպտացի եւ օտար երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ: Կը նշուի, որ համերգին ներկայ եղած են Եգիպտոսի Թղթարարութեան մարմնի նախագահ, Հաղորդագրութեան եւ Տեղեկատուութեան ճարտարագիտութիւններու փոխնախարար՝ Շերիֆ Ֆարուք, Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, Եւրոպական հարցերու փոխնախարարի օգնական, դեսպան՝ Եասեր Հաշէմ, Արտաքին գործոց Նախարարութեան Արարողակարգի հարցերու փոխնախարարի օգնական, դեսպան՝ Մուհամմէտ Ֆախրի, Եգիպտոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան, Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Գրիգոր Իգնատիոս եպս. Քուսան, Եգիպտոսի մօտ աւելի քան երեսուն դեսպաններ, տասնեակ դիւանագէտներ, աւելի քան 300 պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Նախաձեռնութեան բացումը կատարած է Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Հրաչեայ Փօլատեան, որ ողջունած է ներկաները եւ կարեւորած հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու պատմական ընթացքն ու այսօրուայ սերտ կապերը։

Ապա խօսք առած է Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը եւ կառավարութեան անունով ողջունած է բոլորը: Խօսքերէն ետք ներկայացուած է կարճ շարժանկար հայ-եգիպտական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մասին։ Այս առթիւ, համերգի մասնակիցները պարգեւատրուած են շնորհակալագիրներով, հիւրերուն եւ ներկաներուն բաժնուած են յուշանուէրներ եւ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ հրատարակուած «Հայ-եգիպտական յարաբերութիւններ. անցեալ-ներկայ» խորագիրով գրքոյկներ։

Համերգէն ետք նաեւ տեղի ունեցած է պաշտօնական ընդունելութիւն Օփերայի պարտէզին մէջ: