Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Մխիթարեան Միաբանութեան, համագործակցութեամբ Պէյրութի եւ Հալէպի Մխիթարեան վարժարաններուն,
Ուրբաթ, 4 եւ Կիրակի, 6 Մարտին,
Մխիթարեան դպրոցէն /35/ ուսուցիչներ, իսկ Շաբաթ, 5 Մարտին 9 հայկական վարժարաններէ /45/ ուսուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի Մխիթարեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցած
«21-րդ Դարու Ուսուցման Ռազմավարութիւնները», «Մասնագիտական ​​Զարգացման Օր» եւ «Ուսուցումը Թագաժահրի Աշխարհին Մէջ» վերնագրով միօրեայ եւ եռօրեայ դասընթացքին։
 
Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի Մխիթարեան Միաբանութեան Մեծաւոր` Հոգեշնորհ Հ. Մեսրոպ Թ.Ծ. Վրդ. Սիւլահեան եռօրեայ սեմինարներուն բացումը կատարելէ ետք, ամփոփ կերպով ներկայացուց սոյն ծրագրին նպատակն ու անհրաժեշտութիւնը։
Ան մատնանշեց, որ անցեալէն ներկայ Մխիթարեան Միաբանութիւնը ինչպիսի դեր եւ առաքելութեան լրջութիւն ունեցած է սփիւռքահայ վարժարաններու ծաղկման ու բարգաւաճման մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւորեց հայ դաստիարակներու մանկավարժական հմտութեան անհրաժեշտութիւնը, դէպի 3-րդ հազարամեակ տանող սերունդի մը կերտման ճանապարհի գիտակցութեան իմաստով։
 
Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն օրդ. Ալին Բանոյեան, բանախօսները ներկայացնելէ եւ մասնակիցները ողջունելէ ետք, էական համարեց այն գաղափարը, որ ներկայ պայմանները նկատի առնելով, նորարառութեան եւ արդիականացումի վրայ հիմնուելով, համագործակցութեամբ, հանդուրժողականութեամբ, հայեցի դաստիարակութեամբ եւ արդի կրթութեան միջոցներ օգտագործելով կրնանք ունենալ կիրթ ու զարգացած սերունդ։
 
Լիբանանի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Մէրի Ղազարեան – Կիւրիւնլեան իր հմտութեամբ, փորձառութեամբ եւ հաճելի ոճով
ներկայացուց ընկերային յուզական ուսուցման մեթոտի կիրարկման ձեւերը, հիմք ունենալով ֆինլանտական կրթաուսումնական մեթոտը, որ կը դիւրացնէ ուսուցիչին դասարանային գործնական աշխատանքին եղանակները։
Ինչպէս նաեւ մանկավարժական եւ հոգեբանական գործնական վարժութիւններով հաստատեց ուսուցման տարբեր մեթոտաբանութեանց կիրարկման անհրաժեշտութիւնը։
 
Իսկ պրն. Ռոյ Ասաատ` Լիբանանի Մխիթարեան վրժ.ի ակադեմական բաժինի համակարգող, իր իւրայատուկ ոճով եւ համակարգչային հմտութեամբ ծանօթացուց եւ վարժեցուց 21-րդ դարու համակարգիչի ու համացանցի թուայնացուած տեղեկատութիւններէ օգտուելու եւ զանոնք վարժարաններու մէջ ուսուցման արդի մեթոտներով գործադրելու ովկիանոսային միջոցները։
 
Դասընթացքի աւարտին մասնակիցները թէ՛ տեսականօրէն եւ գործնականօրէն տեղեակ եղան 2022-ի չափանիշով դասաւանդման եւ ուսուցման մեթոտներու կիրարկման միջոցներուն։
 
3 դար եւ տակաւին Մխիթարեան հայրերը հաւատարիմ իրենց հիմնադրին` Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր սկզբունքներուն, ռահվիրայ միաբաններով, վարժարաններով եւ նուիրեալ կրթական մշակներով պիտի շարունակեն ծառայել` Կրօնք, Հայրենիք, Դաստիարակութիւն նշանաբանի ներքոյ, ի ծառայութիւն նորահաս սերունդին։