Պտուղները շատ օգտակար են բոլորիս, մանաւանդ մանուկներուն եւ պատանիներուն, որովհետեւ անոնք մեզի կը պարգեւեն անհրաժեշտ սնունդը՝ պայքարելու համար զանազան հիւանդութիւններու՝ շաքարախտի, սրտի հիւանդութիւններու եւ քաղցկեղի դէմ ։ Հետեւաբար, պտուղները կ’օգնեն, որ ապրինք աւելի առողջ ու աշխոյժ կեանք մը։ Թուենք պտուղներու օգուտները.
-Պտուղները կը պարունակեն զանազան կենսանիւթեր (vitamins), որոնք կ’օգնեն որ պայքարինք հիւանդութիւններու դէմ եւ ըլլանք առողջ։
-Պտուղները կը պարունակեն բնաթելեր (fibres), որոնք օգտակար են մարսողութեան եւ առաջքը կ’առնեն պնդութեան։
-Պտուղները կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ ջուր, որ անհրաժեշտ է մեր առողջութեան։
-Պտուղները քիչ քանակութեամբ ջերմուժ (calorie) կը պարունակեն. եթէ մենք աւելի շատ պտուղ ուտենք քան անուշեղէն, կրնանք խուսափիլ գիրութենէ կամ սոնքութենէ (obesity)։
-Պտուղները կը պարունակեն antioxidants կոչուած նիւթեր, որոնք գլխաւորաբար կ’օգնեն, որ մարդիկ պայքարին քաղցկեղի դէմ, կամ՝ խուսափին անկէ։
Թէեւ ձեզմէ շատեր յաճախակի կերպով չեն ուտեր պտուղի տեսակներ, սակայն նկատի ունենալով պտուղներու վերոյիշեալ օգուտները, պէտք է փորձէք օրական քանի մը պտուղ ուտել, նախընտրաբար տարբեր տեսակի, որպէսզի ունենաք բարեձեւ մարմին եւ ըլլաք առողջ ու կենսունակ։