Կը կատարուի այն՝ ինչ կ՚ակնկալուէր. Ատրպէյճան, օգտուելով Ուքրանիոյ հարցին վրայ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնացումէն, քայլերու կը ձեռնարկէ աւարտին հասցնելու իր հակահայ ծրագիրները, որոնք իրականացնելու նորագոյն փուլը սկսաւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմով։

Միաժամանակ, վերջին ամիսներուն նկատելի էին 9-10 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը խոչնդոտող գործողութիւններ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ:

Արտասովոր ցուրտ եղանակի այս օրերուն, Արցախի կազատամատակարարման խափանումով եւ Փառուխ գիւղ ու յարակից տարածքներ ներխուժումով Ատրպէյճան կը հետապնդէ Արցախը հայաթափելու իր անթաքոյց ծրագիրը։

Այս ծանր օրերուն, անհրաժեշտ է ամէնուրեք համազգային ուժերով դիմադրել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այս հակահայ քաղաքականութեան։ Առ այդ, անհրաժեշտ է.

ա) Դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներուն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւններուն՝ պահանջելով որ չանտեսեն Արցախի —եւ Հայաստանի Հանրապետութեան— դէմ Ատրպէյճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ քաղաքականութիւնն ու քայլերը։

բ) Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ բողոքի տարաբնոյթ գործողութիւններով՝ հրաւիրել քաղաքական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը նոր թափ առած հակահայ այս քաղաքականութեան վրայ։

Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմէն կը պահանջենք ապահովել թշնամի ուժերու իրենց ելման կէտեր վերադարձը եւ խաղաղութեան պահպանումը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի կողքին եւ պատրաստ է անոր աջակցիլ հնարաւոր բոլոր միջոցներով, որպէսզի Պաշտպանութեան բանակը կարենայ իրականացնել՝ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու իր պատասխանատուութիւնը։

Ատրպէյճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ այս քաղաքականութիւնը չի կրնար մնալ առանց արձագանգի. այս քաղաքականութեան հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կրելու են այդ երկու պետութիւնները։

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ

25 Մարտ 2022