Artsakhtert.com-ը կը գրէ. «Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման պահանջով, այսօր՝ 26 Մարտին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ խաղաղ հաւաք տեղի ունեցած է՝ «Արցախի Կիներ՝ Յանուն Արցախի Ապագայի» նախաձեռնութեամբ:

Կազմակերպիչները միջազգային հանրութեան ու կառոյցներուն կոչ ուղղած են կանխելու Ատրպէյճանի կողմէն նոր ցեղասպանութիւնն ու Արցախի հայաթափումը: Նշելով ահաբեկչական Ատրպէյճանի գործողութիւններու հետեւանքով արցախահայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը սպառնացող վտանգները, հաւաքի մասնակիցները միաժամանակ կոչ ուղղած են ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը՝ յանուն փրկութեան ու անվտանգութեան: «Մեր իրաւունքները ոտնահարուած են, կեանքը՝ վտանգուած:

Խախտելով 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան հիմնարար կէտերը, ատրպէյճանական զինեալ ուժերը ահաբեկչական յարձակումներ կը գործեն: Կոչ կ’ուղղենք համայն հայութեան համախմբուելու, մէկ բռունցք դառնալու, կանգնելու արցախահայութեան կողքին», ըսած են «Արցախի Կիներ՝ Յանուն Արցախի Ապագային» նախաձեռնութեան անդամները: