Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 27 Մարտին Համազգայինի 53-ամեայ «Զուարթնոց» երգչախումբը հանդիսատեսին հրամցուց երգչախմբային բազմաձայն երգեցողութեան գոհարներ, մեկնաբանելով Կոմիտասէն, Խաչատուր Աւետիսեանէն, Արթուր Գրիգորեանէն, Արմէն Տիգրանեանէն, Արմէնուհի Կարապետեանէն եւ այլ հայ ու օտար երաժիշտներէ մշակումներ։
51 երգողներէ բաղկացած երգչախումբը հանդէս եկաւ խմբավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի։ Կարգ մը երգերու ընկերակցեցան նաեւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբի անդամները։
Արդարեւ, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան «Զուարթնոց» երգչախումբը, Կիրակի, 27 Մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս իր ելոյթը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով։
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Մոմճեան։ Ան ըսաւ. «Ազգի մը գոյատեւումը իր դարաւոր մշակոյթի պահպանումով նաեւ կ’իրականանայ։ Ուստի այն ազգը, որ մշակոյթ չունի, երկար չի կրնար գոյատեւել։ Հայ ժողովուրդը մշակութասէր, արուեստասէր ազգ է, իսկ երգը մշակոյթի մը անքակտելի օղակներէն ամենաարտայայտիչն է, որ գեղարուեստական ներդաշնակութեամբ զգացումներ կ’արտայայտէ ու կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն, պայքար եւ յաղթանակ»։
Արաբերէն բացման խօսքով Ռաֆֆի Սիւլահեան ըսաւ. «Հալէպ ճանչցուած է, որպէս մշակոյթի, արուեստի եւ երգի մայրաքաղաք, նշանաւոր է յատկապէս հալէպեան «Քտուտ»-ը եւ «Մուաշահաթ»-ը։ Հալէպի մէջ հայերս ալ երգով եւ արուեստով յաջողեցանք յաղթահարել պատերազմի դժուարին պայմանները։ Պատերազմի տարիներուն, «Զուարթնոց» երգչախումբը շարունակեց բեմ բարձրանալ եւ ժողովուրդին մասամբ մը հեռացնել պատերազմի սարսափազդու մթնոլորտէն»։ Ապա  ան «Զուարթնոց» երգչախումբին անունով շնորհաւորեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Պաշշար ալ Ասատը, Սուրիոյ անկախութեան տօնին առիթով, Սուրիական Հայրենիքին մաղթելով յաղթանակ եւ բարգաւաճում»։
Այնուհետեւ «Զուարթնոց» երգչախումբը յայտագիրի Ա. բաժինով յաջորդաբար ներկայացուց՝ «Ո՜վ Մեծասքանչ Դու Լեզու», երժշտ. Կոմիտաս, «Հիմի Էլ Լռենք», երժշտ. Կոմիտաս, «Դաւիթ Բէկ» (Օփերային բաժին), երժշտ. Ա. Տիգրանեան, «Պինկէօլ» (ժողովրդական), մշկ. Զուլալ, «Սիրոյս Կը Սպասեմ», երժշտ. Խ. Աւետիսեան, «Dimine Jesu», «Sanctus» եւ «Dies irae» Մոցարդի եւ «Վալս – Դիմակահանդէս», երժշտ. Ա. Խաչատուրեան։ Իսկ Բ. բաժինով երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց՝«Պիլատի», մշկ. Սալէմ Պալի, «Շուֆու Պալատի», բանաստեղծութիւն՝ Սաֆուհ Շաղղալէ, երժշտ. Սամիր Քուէյֆաթի, «The Cuckoo» երգը, որուն մայեսթրային խնդրանքով, հանդիսատեսը եւս մասնակից դարձաւ ծափ տալով՝ պահելու համար երաժշտութեան կշռոյթը, «Օտարութիւն» երժշտ. Գ. Պաղտասարեան, «Իլիկներով Պար», երժշտ. Խ. Աւետիսեան, «Հայաստան Իմ Չքնաղ», երժշտ. Ա. Գրիգորեան, «Փառք Մեր Ազգութեան», երժշտ. Կ. Օրբելեան, «Հայ Հոգին», խօսք՝ Մ. Իշխան, երժշտ. Ա. Կարապետեան։
Եզրափակիչ «Հայ Հոգին» երգին երաժշտութիւնը մշակած էր Արմէնուհի Կարապետեան, որ նուիրած էր «Զուարթնոց» երգչախումբին:
«Զուարթնոց» երգին առաջին քառաձայն կատարումը ներկայացուց սոյն իր այս ելոյթին։
Իր կարգին, հայրենի արուեստագէտ Ա. Կարապետեան սրտի իր խօսքը նամակով ուղղած էր «Զուարթնոց» երգչախումբին, փոխանցելով իր ողջոյնները, բարեմաղթութիւնները եւ ելոյթին ներկայ ըլլալու բուռն փափաքը։
Կարգ մը երգերու ընկերակցեցան նաեւ Համազգայինի Ն. Աղբալեան մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբի անդամները, ղեկավարութեամբ զոյգ պարուսոյցներ՝ Մարալ Ղազարեանի եւ Նարօտ Պարսումեանի։
Խմբավարին մասնագիտական բծախնդրութիւնը կ’արտացոլար խումբին կատարումին ընդմէջէն: Խումբը, հետեւելով մայեսթրայի շարժումներուն, ճկունութեամբ կը կատարէր մեղեդիներու ելեւէջներն ու կը պահպանէր ձայներու ներդաշնակութիւնը:
Դաշնակահար Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեան կ’ամբողջացնէր խումբին յաջողութիւնը դաշնամուրի գեղեցիկ ու հնչեղ ընկերակցութեամբ:
«Զուարթնոց» երգչախումբի երկրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 3 Ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս։
Մարէն Պապեան-Աղայէկեան