Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան Ճեզիրէի երեք շրջաններուն մէջ՝ Գամիշլի, Հասիչէ եւ Տերիք տեղի ունեցաւ Ազգային Ժողովի երեսփոխաններու ընտրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութի զաւակները։

Ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ պատերազմի տասը տարիներուն Ճեզիրէի շրջանները ներկայացուցիչ չունէին Ազգային ժողովին մէջ։

Քուէներու արդիւնքով երեսփոխաններ ընտրուեցան հետեւեալները՝ Բժշկ. Անդրանիկ Սարգիսեան Տիար Աբիկ Քեհիայեան Տիար Արմէն Նալպանտեան։