Քեսապի բնութեան գիրկը պիտի ապրիս, որ տարուան չորս եղանակները լիովին վայելես: Քեսապի մէջ բնութեան դէմ յանդիման, չորս եղանակներու երեք ամիսներուն գունափոխումներով իւրայատուկ համ ու հոտ կը վայելէք: Ո՛չ պատշգամները երկինքն ու արեւը քօղարկող երկար վարագոյրներ ունին, ո՛չ ալ բարձր շէնքերը կողք-կողքի շարուած բնութեան հմայքը կը ծածկեն:

Գարնան եղանակին բնութեան վերականգնումը կը վայելես, ուրախ ու զուարթ տրամադրութեամբ: Երբ արեւը հետզհետէ իր դիմագիծը ցոյց կու տայ, արձակած իր շողերուն տաքութիւնը կը ջերմացնէ քեզ: Դաշտի խոտերն ու բոյսերը կը սկսին աճիլ, դաշտերն ու պարտէզները ծաղիկներով կը լեցուին: Անոնք շուտով հասակ կ’առնեն ու օրէ օր կը մեծնան: Թռչուններուն ճլւլոցն ալ այնքան հաճելի կը հնչէ, որ կարծէք գարնանային մեղեդիներ համանուագ մը կ’անմահացնեն, առանց հեղինակի ու հասցէի:
Նշենիները, ծիրանիները եւ սալորենիները կարգով կը ծաղկին, մերթ ճերմակ, մերթ վարդագոյն ծաղիկներով՝ հարսի հագուստով կը պճնուին:
Ամառը նուազ գեղեցկութիւն չունի: Զբօսաշրջիկներ կը շտապեն զով ու բարեխառն կլիման վայելելով հանգիստ քուն մը քնանալու: Մինչդեռ քեսապցին ամառը վայելելու առիթ չունի, իր բազմազբաղութեան պատճառով: Այստեղ տեղացիներէն յաճախ կը լսես «Ամառը քեսապցիին չէ, այլ՝ զբօսաշրջիկներուն» արտայայտութիւնը, որովհետեւ քեսապցին պարտէզի գործերով կլանուած կ’ըլլայ, սակայն այդ աշխատանքն ալ իւրայատուկ հաճոյք ունի:
Աշունը քեսապցիին ոսկի եղանակն է: Թագաւորաց թագաւորն է, Արքայից արքան: Պարտէզներու մէջ խնձորի ամէն մէկ ծառ տօնածառի նման զարդարուած կ’ըլլայ կարմիր ու դեղին, սիրուն խնձորներով: Անոնց կողքին որթատունկերուն բերքը կը հասնի ու դեռ բոլոր միրգերն աշունի նուռն ու թուզը եւ…, իսկ երբ պարտիզպանը պարտէզի աշխատանքներուն լծուած, շապիկին ծայրով իր ճակտին քրտինքը սրբէ, զմայլած իր ամբողջ տարուան աշխատանքին արդիւնքը կը վայելէ:
Ա՜խ աշուն ջան՝ ցաւդ տանիմ…
Ա՜խ ոսկի աշուն, ինչո՞ւ տարին երկու անգամ չես այցելեր:
Ձմեռը՝ աշունը ճամբայ դնելով, այս անգամ ինք կը բազմի եղանակներու աթոռին: Իր պաղով, փայլատակումով, որոտումով եւ անձրեւով, իսկ երբեմն հաճելի, սպիտակ ձիւնով:
Ձմեռը վերջին տասնամեակին իբր զբօսաշրջիկ կ’այցելէր Քեսապ: Ան պզտիկ ճամպրուկով կ’այցելէր: Պարտէզներուն ծարաւը չէր յագենար, ջրհորները ձմրան անձրեւներով չէին պարարտանար:
Իսկ այս տարի ձմեռը մեծ ճամպրուկ մը շալկած հասաւ, թէեւ ուշացած:  Արդեօ՞ք ուշացումին պատճառը ճամպրուկին ծանրութիւնն էր, զոր քաշքշելով հազիւ Քեսապ հասաւ, կամ Քեսապը լեռնային շրջան ըլլալուն, դժուարութեամբ վեր բարձրացաւ…, թէ պարզապէս պարծենալ ուզեց իր սպիտակ հագուստներով եւ ձիւնածածկ շղարշներով: Նոյնիսկ Ս. Յակոբի տօնին Կասիոսը ձիւնով չծածկուեցաւ, մինչդեռ քեսապցիներ քաջ գիտեն, որ այդ տօնին «Կասիոս լերան մօրուքը սպիտակ կը դառնայ», այսինքն՝ լեռը ձիւնով կը ծածկուի:
Այդ շրջանին պաղը դժուարութեամբ կրցաւ ջերմաստիճանի սնդիկը վար իջեցնել: Բայց ձմեռը ըսաւ. «Ուշ լինի նուշ լինի», անձրեւը եւ պաղը ուշացան, բայց երբ հասան աննախադէպօրէն սաստկացած էին: Անշուշտ քեսապցին մրջիւններու նման աշնան պատրաստած էր ձմրան տաքնալու համար դիզուած իր փայտերը:
Ու ձմեռն այս, անգամ մը, որ չորս եղանակներու աթոռին բազմեցաւ, չուզեց զիջիլ իր տեղը գարնան: Մարտ ամիսը, որուն մասին այնքան ասացուածքներ յօրինուած էին, այս տարի տարբեր եղաւ: Մարտը՝ տարիներու ընթացքին խենթ կոչուած էր, մէկ արեւ-մէկ անձրեւ, այս տարի խելագարեցաւ, ու օր մը ձիւն, օր մըն ալ շատ ցուրտ ու կարկուտ: Ա՜խ գարուն ջան, սիրուն գարուն ինչո՞ւ այդքան ուշացար: Քաջ գիտեմ, որ Քեսապի ճամբան շատ լաւ գիտես, հապա ո՞ւր մնացիր…: Տէ՛ր Աստուած տարուան չորս եղանակներուն խելքը գլուխը բե՛ր: Տաքնալու համար հաւաքուած փայտերը սպառեցան, տաքուկ արեւի շողերը կարօտցանք, իսկ փոքրիկները կարօտցան այն օրերը, երբ տունէն դուրս պիտի ելլեն ու իրենց մընընիկ մատներով գարնան ծաղիկները քաղեն ու փնջեն: Այդ գարնան ծաղիկները, որ հողին տակ են, անոնք իրենց գլուխները հողին տակէն դուրս գալու փորձ կատարեցին, անոնց թերթիկները դողդղացին: Չէ՛, գարուն ա՛լ ուշացումդ զիս կը մտահոգէ, կը վախնամ դուն ալ յուշ կը դառնաս, ու քեզ ալ շատ կը կարօտնանք: Չէ-չէ միտքս հոգ մի ըներ, գարունը որքան ուշանայ անպայման կրկին կու գայ, կրկին արեւը իր փայլփլուն շողերը արեւ կը սփռէ: Ամէն գիշերէ ետք անպայման արշալոյս կայ: Թիւնէլը (փապուղի «Գ.») որքան երկար ըլլայ, անոր վերջաւորութեան կրկին լոյսի նշոյլը կ’երեւայ:
Սակայն կը մնայ, որ սպասումը ամէնէն դժուար բանն է, ու ամէն սպասումի հետ կեանքի օրերը կը սպառին: Անոր համար սիրուն գարուն մի՛ ուշանար…:
Սեւան Ա. Մանճիկեան