Թ.
 
Հալէպի ՀՄԸՄ-ի փառաւոր, պանծալի երթը կը շարունակուէր:
Հալէպի ՀՄԸՄ-ի եւ Դանիոյ (Denmark) խումբերու միջազգային հանդիպումը,1965-ի Դեկտեմբերին, տեղի կ՚ունենայ Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, հոծ հանդիսականներու ներկայութեան:
Առաջին անգամ ըլլալով նման միջազգային, խիստ կարեւոր մրցում մը Հալէպի ՀՄԸՄ-ի խումբը կը կատարէ՝ Ուրբաթ օրով:
 
Այս ուժեղ խումբը Սուրիա ժամանած էր դարձեալ Սուրիոյ բանակի խումբին պատասխանատուներուն հրաւէրով՝ երկու մրցում ունենալու, ՀՄԸՄ-ի եւ Սուրիոյ բանակի ֆութպոլի խումբերուն հետ:
Բանակի խումբին պատասխանատուներուն որոշումին համաձայն, առաջին մրցումը տեղի ունենար Ուրբաթ օր, Հալէպի մէջ։
Սուրիոյ երկու խումբերը թէեւ գաղափար չունէին այս խումբի խաղաոճին մասին, բայց գիտէին, որ այս խումբը երկրի զօրաւորագոյն կազմերէն մին կը նկատուի, արդիւնքները այդպէս ցոյց կ՚ ուտային: Այսպէս. անոնք փորձի ընթացքին կը ծանօթանան խումբին կարողութեան եւ ըստայնմ կը պատրաստուին:
 
Ուրբաթ օրուան մրցումին, առաւօտեան
հետաքրքրական դէպք մը կը պատահի:
Այդ օրերուն, ես կը պաշտօնավարէի Ազգ. Սահակեան վարժարանէն ներս, որպէս արաբերէն լեզու դասաւանդող ուսուցիչ: Մրցումի օրուան առաւօտը, դադարի պահուն, ուսուցչական կազմով համախմբուած էինք գաւաթ մը սուրճի շուրջ, երբ պաշտօնակիցներէս պրն. Յակոբ Գասապեան ինծի հարցուց.
—Ճորճի՛կ, ի՞նչ պիտի ըլլայ այսօրուան մրցումին ճակատագիրը: Առաջին անգամ ըլլալով, ինքնավստահ պատասխանեցի.
—Պիտի յաղթենք, հիմնուելով մեր արձանագրած պատմական արդիւնքներուն վրայ: Այս պատճառով բոլորիս ինքնավստահութիւնը շեշտուած է, եւ մենք դաշտ պիտի ներկայանանք վճռակամ, բարձր տրամադրութեամբ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի գանձանակին մէջ նոր, անմոռանալի յաղթանակ մը եւս զետեղելու առաջադրանքով:
Պատասխանս պաշտօնակիցս չհամոզեց: Ան ըսաւ.
—Եթէ դուք այսօր յաղթէք, ես պարտաւոր կ՚ըլլամ ուսուցչական լրիւ կազմին համար ֆուլկերոյթի սեղան մը սարքել: Հակառակ պարագային, դուն պիտի կատարես այս պարտականութիւնը։
Առաջարկը ընդունեցի:
 
Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ պատմական այս հանդիպումը:
Մրցումի առաջին վայրկեաններէն մեզի եւ փորձառու, իմաստուն մարզիչին յայտնեցին, որ հիւր խումբի յառաջապահ գիծի թիւ 8 եւ 10 խաղացողները չափազանց վտանգաւոր կը թուին։
Եղբայր Աբրահամ Աւընեան թելադրեց ինծի եւ Գամիշլիէն ժամանած եղբ. Յովսէփ Պասմաճեանին մօտէն հսկել այս զոյգին, մրցումի ամբողջ տեւողութեան:
Մարզիչ եղբօր հրահանգը ամենայն լրջութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ գործադրուեցաւ, եւ տուաւ իր դրական, շահեկան արդիւնքը:
Խումբի եղբայրներս, օգտուելով ստեղծուած նպաստաւոր այս կարգադրութենէն, իրենց սկսած ներդաշնակ եւ յաջորդական, վտանգաւոր յարձակումները շարունակեցին եւ ստացան դրակսն արդիւնք: Այս առաւելութենէն օգտուելով մեր խաղաոճը զգալիօրէն զարգացաւ։ Գործակցութիւնը եւ յարատեւ պայքարելու եղանակը տուին իրենց բարեբեր արդիւնքը։
Ա. կիսախաղը վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, (2-1) արդիւնքով: Առաջին կոլը նշանակեց եղբ. Սերոբ Մերտխանեան, զօրաւոր հարուածով ցնցելով հակառակորդին բերդը, իսկ երկրորդ կոլը նշանակեց Մորիս Ֆաքըս, որուն 20 մեթրէն ազատ զօրաւոր հարուածը ճեղքեց խաղացողներուն պատը, հասնելով իր նպատակին:
 
Դաշտ ներկայ գտնուողները իրենց քաջալերանքով, խանդավառ երգերով հարստացուցին մթնոլորտը եւ մեծապէս նպաստեցին մեր այս յաջող, շքեղ երթին:
Բ. կիսախաղը դարձեալ եղաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի խումբին:
 
Հերոս եղբայրներս բազմապատկեցին իրեն գրոհները եւ վտանգաւոր, կազմակերպուած յառաջխաղացքը ու բազմաթիւ անգամներ վտանգեցին հիւր խումբին բերդը, սակայն վարպետ, արթուն բերդապահը յաջողեցաւ փրկել իր բերդը ստոյգ առիթներէ:
ՀՄԸՄ-ի բերդապահն ու յետսապահ գիծի խաղացողները եւս իրենց պարտականութիւնը լաւագոյնս կատարեցին եւ բոլոր յարձակումները ձախողեցուցին, ի մասնաւորի եղբ. մարզիչին կատսրած դասաւորումը մեծապէս նպաստեց այս յաղթանակին, եւ երկու եղբայրներուն հսկողութիւնը, որոնք կատարելապէս կատարեցին իրենց պարտաւորութիւնը, արժանացաւ բոլորին ջերմ գնահատանքին:
 
Վերջապէս լսուեցաւ իրաւարին խաղին աւարտը յուշող ազդանշանը։ Ներկաներուն հոգիներն ու սրտերը համակուեցան ուրախութեան ու անսահման գոհունակութեան զգացումներով: Արդիւնքը (2-1) էր, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի խումբին տղոց, որոնք անգամ եւս փաստեցին իրենց զգալի ներկայութիւնը նաեւ միջազգային բեմի վրայ:
 
Կարեւորութեամբ կը յիշեմ, որ խաղի աւարտէն 5 վայրկեան առաջ, իրաւարարը ՀՄԸՄ-ի խումբին շնորհեց փենալթի մը: Խումբի եղբայրներէն մին մերժեց մարզիչին որոշումը եւ համարելով թոյլ չտուաւ, որ հարուած ուղղէ եղբ. Ճորճիկը, որուն պարտականութիւնն էր յաճախ ուղղել փենալթիյի հարուածը։
Այսպէս՝ գնդակը վրիպեցաւ իր նպատակէն եւ խումբը կորսնցուց երրորդ կոլ մը նշանակելու ոսկի առիթը անհատի մը եսասիրութեան հետեւանքով:
 
Փա՛ռք ու պատի՛ւ ՀՄԸՄ-ին:
Սէր, երախտագիտութիւն ու բարձր գնահատանք խումբի եղբայրներուս, որոնք անգամ մը եւս հաստատեցին, որ ՀՄԸՄ-ի պանծալի յաղթանակին շքեղ արշաւը կը շարունակուի՝ ի պատիւ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներու ջանքին, գործակցութեան եւ զոհողութեան:
 
Ասֆուծոյ կամքով յաջողեցանք դարձեալ պատմական անմոռանալի նուաճում մը ձեռք ձգել եւ զայն նուիրել հայութեան, ի մասնաւորի՝ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին:
Ճորճ Ռասկելէնեան