Երեքշաբթի, 5 Ապրիլին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Պաշտպանելով Արցախը՝ Պաշտպանենք Հայաստանը» խորագիրով Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններուն նախաձեռնած բազմամարդ հանրահաւաքը:
Հանրահաւաքին միացած էին շարք մը քաղաքական ուժեր, ընդդիմադիր հասարակական գործիչներ: Հանրահաւաքի նախաձեռնողները քաղաքացիներուն կոչ կ’ուղղէին կանգնելու Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ: ՀՅԴ-ի անդամները Մատենադարանի յարակից հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ: Հանրահաւաքի մասնակիցները բարձրացուցած էին հետեւեալ գրութիւններով պաստառներ. «Արցախը երբեք չի լինելու Ատրպէյճանի կազմում», «Թուրքն իմ թշնամին է», «Հայաստանը թրքական միջանցք չէ», «Նիկոլը չի ներկայացնում հայկական շահը», «Recognize Artsakh»: Անոնք կը վանկարկէին «Հայաստա՛ն, ոտքի», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Արցախը չի լինելու Ատրպէյճանի կազմում»:
Ելոյթներով հանդէս եկան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արամ Վարդեւանեան, Տիգրան Աբրահամեան եւ Հայկ Մամիջանեան: ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Արցախի իրավիճակին առնչուած հիմնական չորս կէտեր ու ըսաւ.
«Առաջին. այսօր պատմական օր է, որովհետեւ դուք այսօր ձեր մասնակցութեամբ, ձեր վճռականութեամբ վերջ տուիք այն բոլոր խօսակցութիւններուն, որոնց համաձայն հայ ժողովուրդին չի հետաքրքրեր Արցախը, դուք վերջ տուիք այն խօսակցութիւններուն, թէ մենք պետութիւն ունենալու իրաւունք չունինք, որ մենք համակերպուած ենք այս իրավիճակին, դուք այսօր վերջնականապէս սկիզբ դրիք հայ ժողովուրդի պարտութեան էջի փակման ընթացքին։
Երկրորդ. քիչ առաջ մեր բոլորին անունով հնչեցին այն հիմնական սկզբունքները, որոնցմով պէտք է առաջնորդուինք։ Անոնք հայ ժողովուրդին կենսական շահերու պաշտպանութեան արտայայտութիւնն են։ Ուրեմն եկէ՛ք այս հրապարակէն միասնաբար յայտարարենք, որ որեւէ իշխանութիւն, որ կը շեղի մեր կենսական պահանջներէն, պիտի տապալի։ Այն քաղաքական ուժը, այն անհատը, այն իշխանութիւնը, որ կը շեղի այս պահանջներէն, դուք՝ մեր ժողովուրդը, իրաւունք ունի հակազդելու, տապալելու զինք եւ երկրին ողնաշարը շտկելու։
Երրորդ. այսօր մենք այս հրապարակէն արձանագրեցինք, որ տէր ենք Արցախին, տէր ենք Հայաստանին եւ ամենակարեւորը՝ պատրաստ ենք պաշտպանելու մեր հայրենիքը։
Չորրորդ. դուք, այսօր ձեր ներկայութեամբ, ձեր վճռականութեամբ յայտնեցիք, որ այս իշխանութիւնները չունին ժողովուրդին կողմէ հովանաւորուած խաղաղութեան կեղծ լոզունգներով երկիրը նոր զիջումներու առաջնորդելու իրաւունք»։
Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ հանրահաւաքը պիտի աւարտեն հետեւեալ ձեւով. «Հիմա միասին պիտի երթանք Ֆրանսայի հրապարակ եւ փակենք հրապարակին չորս մուտքերը, պիտի դադրեցնենք երթեւեկը, որ պիտի տեւէ մէկ ժամ: Ֆրանսայի հրապարակին մէջտեղը պիտի տեղադրենք Արցախի դրօշը, եւ ասիկա պիտի ըլլայ մեր առաջին նախազգուշական քայլը: Ասիկա մեր պայքարին սկիզբն է, մենք կը պայքարինք յանուն Արցախի դրօշին, յանուն Եռագոյնի, յանուն միասնութեան եւ վաղուան յաղթանակին»:
Հանրահաւաքի մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Ֆրանսայի հրապարակ, ուր տեղադրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մեծ դրօշը:
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանրահաւաքի մասնակիցները հրապարակեցին եզրափակիչ բանաձեւ, զոր ընթերցեց Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկրտչեան: