“Երկիր Մետիա”._Կլէնտէյլի քաղաքային խորհուրդի անդամ Արտաշէս «Արդի» Քասախեան Երեքշաբթի՝ 5 Ապրիլին, ընտրուած է քաղաքապետի պաշտօնին։ Քասախեան այս պաշտօնով կը փոխարինէ Փոլա Դիվայնը։
Քասախեան առաջին անգամ կը ստանձնէ քաղաքապետի պաշտօնը:

Մինչ քաղաքային խորհուրդի մէջ ընտրուիլը, Քասախեան 15 տարի աշխատած է որպէս Կլէնտէյլի քաղաքային գործավար: Ան 4 անգամ վերընտրուած է այդ պաշտօնին: