Խորհրդարանական ընդդիմութեան պայքարը յանուն Արցախի եւ Հայաստանի 6 Ապրիլին շարունակուեցսւ Արարատի մարզի Արտաշատ քաղաքին մէջ։ Ցոյցի մասնակիցները՝ ի դէմս ՀՅԴ երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչներուն, Արտաշատի կեդրոնին տեղադրեցին Արցախի Հանրապետութեան դրօշակը։

Մասնակիցները կոչ ուղղեցին միանալու Համազգային դիմադրութեան շարժումին՝ վանկարկելով․ «Հայաստան, ոտքի՛ յանուն Արցախի»։ Ցոյցին մասնակցած է նաև «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան։ Դիմադրութեան շարժումին, արձագանգելով Ազատութեան հրապարակի վրայ հնչած կոչին եւ առաջնորդուելով «ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՎ ԱՐՑԱԽԸ՝ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ» կարգախօսով, քաղաքացիները Սպիտակի մէջ եւս բարձրացուցած են Արցախի Հանրապետութեան դրօշակը:

Յառաջիկային Համազգային դիմադրութեան շարժումի մասնակիցները պիտի շարունակեն տեղադրել Արցախի դրօշակը հանրապետութեան տարբեր մարզերու քաղաքներու մէջ։