Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Լուքաս Ֆուրլասի եւ Ֆրանսուա-Քսաույէ Պելամիի նախաձեռնութեամբ 43 Եւրոպատգամաւոր բոլոր գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններէն նամակ յղած է Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին եւ Եւրոպայի Արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Բարձր Ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Պորրելլին՝ Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումին ընդառաջ։

Եւրոպատգամաւորները ահազանգած են Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէն բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուող զեղային զտումի քաղաքականութեան մասին։ Անոնք ԵՄ գործադիր ղեկավարներուն կոչ ուղղած են օգտագործելու Եւրոմիութեան տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր լծակները ՝ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու համար, որպէսզի այդ երկիրը վերջ տայ Արցախի մէջ իր յարձակողական քաղաքականութեան, անյապաղօրէն ետ քաշէ իր զինեալ ուժերը դէպի ելքի դիրքեր եւ դադրեցնէ որեւէ գործողութիւն, որ կրնայ վտանգել Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ բնկաչութեան անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը։

Նամակը կ’անդրադառնայ յատկապէս վերջին շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճանի սանձազերծած լարուածութիւնը Արցախի մէջ, ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ներխուժումը Փարուխ, Խրամորթի մէջ ստեղծուած դժուարին իրավիճակին ինչպէս նաև կազամատակարարման դադարեցումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային ճգնաժամին։ ԵԽ պատգամաւորները ամփոփած են նամակը ըսելով, որ Եւրոմիութիւնը չի կրնար թոյլ տալ ցեղային զտում իր հարեւանութեամբ։

Անդրադառնալով նամակին ՀՅԴ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտեց․ «ԵԽ պատգամաւորներու այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր ազդակ է՝ ուղղուած ԵՄ գործադիր ղեկավարներուն, որովհետեւ անիկա Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութեան կու տայ յստակ արժեւորում՝ բնորոշելով իբրեւ էթնիկ զտումի քաղաքականութիւն։ Պէտք է շարունակենք հետեւողական ըլլալ, որպէսզի ԵՄ-ը ճնշում գործադրէ Ատրպէյճանի վրայ՝ վերջ տալու Արցախի հայաթափման սանձարձակ կեցուածքին»։

06 Ապրիլ, Պրիւքսէլ