7 Ապրիլ 2022-ին, Սուրիոյ դեսպանութեան հետ գործակցաբար, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան 9-րդ մարդասիրական խումբը Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է 4 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագաներ:

Առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն ցուցաբերած բժշկական ամէնօրեայ աջակցութեան համար:

Ընդհանուր առմամբ, առաքելութեան առաջին օրուընէ մինչեւ օրս Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցուած է 24 թոն դեղորայք։