Շաբաթ, 9 Ապրիլ 2022-ին, Առողջապահական եւ Ընկերային Կեանքի Բարելաւման Միութիւնը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ շուրջ 200 տարեց հալէպահայերու առողջապահական պարագաներ տրամադրեց, ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ անոնց օգնութեան ձեռք երկարելու միտումով։
 
Օժանդակութեան բաշխումը տեղի ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդին հետ գործակցաբար։
 
Տուեալ միութիւնը մշտապէս կը հետաքրքրուի Հալէպի տարեց քաղաքացիներով, անոնց առողջապահական կարիքները ապահովելով իր տարբեր կեդրոններուն միջոցով, անվճար կամ չնչին գումարներով։