«Aid to the Church in Need» միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնը 1948-ի ծնունդ եւ աւելի մեծ տարեցներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց, ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ անոնց օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով։

Օժանդակութեան բաշխումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 9 Ապրիլ եւ Երկուշաբթի 11 Ապրիլ 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից յանձնախումբին հետ գործակցաբար, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի եւ «Aid to the Church in Need» միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ռիատ Ճրճոյի։ Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Aid to the Church in Need» կազմակերպութեան՝ մարդասիրական այս օժանդակութիւնը կատարելուն առիթով։

Մասիս Եպիսկոպոս տարեցներուն իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց եւ առողջութիւն մաղթեց անոնց: