Կիրակի, 10 Ապրիլ 2022-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամներուն։
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան նախագահեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Դռնբացէքի արարողութեան։
Աւետարանական ընթերցումներէ ետք կատարուեցաւ անդաստանի կարգ, որուն ընթացքին աշխարհի չորս կողմերը օրհնուեցան։ Արարողութեան հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ բարշ. Գօգօ սրկ. Տէր Վարդանեանի։
«Բա՛ց մեզ, Տէ՜ր, զդուռն ողորմութեան» շարականի երգեցողութեամբ, հաւատացեալները դիմեցին ողորմած եւ մարդասէր Աստուծոյ, որպէսզի երկնային արքայութեան դռները բանայ զղջումով եւ երկիւղածութեամբ ներկայացող մարդոց առջեւ:
 
Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց օրուան խորհուրդը, յայտնելով, որ Ծաղկազարդի տօնին տեսարանը ցնցիչ է, որովհետեւ Քրիստոս խոնարհաբար մուտք գործեց Երուսաղէմ, յիշեցնելով Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը, երբ Փրկիչը ծնաւ համեստ մսուրի մէջ, խոնարհութեան օրինակ տալով մեզի։
 
Մասիս եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ Քրիստոս Թագաւոր է, սակայն մարդոց ներկայացաւ համեստ կերպարանքով, խաղաղութիւն տարածեց եւ կեանք պարգեւեց անոնց։
 
Դռնբացէքի արարողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Հայր Աստուած որքան գթասիրտ եւ ողորմած է մեզի հանդէպ։ Հետեւաբար, Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացնելով դիմեց Ամենակալին, որպէսզի երկնքի դուռը բանայ մեր առջեւ եւ փարատէ մեր հիւանդութիւններն ու ցաւերը։
 
Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունեցաւ թաղական խորհուրդին եւ տիկնաց յանձնախումբին հետ, եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս։
Յիշենք, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս, տօնական մթնոլորտի մէջ, Ծաղկազարդի եւ Դռնբացէքի արարողութիւններ տեղի ունեցան։
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը գնահատեց Թեմի հոգեւորականները, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդները, տիկնաց յանձնախումբերը եւ աղքատախնամ կազմերը, որոնք լաւապէս կը կազմակերպեն տօնական արարողութիւնները։
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւն