Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Միաւորի Վարչութեան, Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ երաժշտանոցի 2020-2021 տարեշրջանի շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդէսը, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Անի» սրահէն ներս։ Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, հալէպահայ երաժշտանոցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներու ծնողները եւ երաժշտասէր հանրութիւնը։
Հանդէսը սկիզբ առաւ Սուրիոյ, ապա Հայաստանի քայլերգներով, նուագակցութեամբ շրջանաւարտներ Փաթիլ Քէչէճեանի եւ Անի Պօղիկեանի: Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց երաժշտանոցի տնօրէնուհի տիկ. Անժելա Սէմէրճեան Յակոբեանը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միաւորի վարչութեան ատենապետ ընկհ. Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեան: Ան յայտնեց, թէ երաժշտանոցը կը միտի նոր սերունդներուն մէջ երաժշտութեան հանդէպ սէրը վառ պահել, անոնց երաժշտական ճաշակը զարգացնել եւ ծանօթացնել հայ եւ օտար մեծանուն երաժիշտներու ստեղծագործութիւններուն: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հովանաւորութեան համար: Շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որ միշտ զօրավիգ կը կանգնի երաժշտանոցի գործունէութիւններուն: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան երաժշտանոցի գործունէութիւններու յաջողութեան:
Երաժշտական կատարումներով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան 16 ձայնամարզութեան եւ երկու դաշնամուրի շրջանաւարտներ, որոնք գեղեցիկ կատարումներով հրապուրեցին ներկաները: Ձայնամարզութեան շրջանաւարտներուն դաշնամուրի նուագակցութեամբ կ’ընկերակցէր ձայնամարզութեան ուսուցչուհի տիկ. Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանը։
Հուսկ, վարչութեան ատենապետին ձեռամբ յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրուեցաւ տիկ. Կարինէ Հաւանճեան-Քէշիշեանը, երաժշտանոցէն ներս իր 33-ամեայ ծառայութեան համար։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում, ձեռամբ արժանապատիւ Քահանայ Հօր եւ ներկայութեամբ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Շուշիկ Ղազարեանի, վարչութեան ատենապետին, երաժշտանոցի տնօրէնուհիին եւ ձայնամարզութեան ուսուցչուհիին։ Վկայուեցան 18 ձայնամարզութեան եւ չորս դաշնամուրի հետեւեալ շրջանաւարտները.-
Ձայնամարզութիւն՝ Յակոբ Յովհաննէսեան, Արամ Քասսիս, Հուրի Պէրպէրեան-Վերտանեան, Յակոբ Աշակերտեան, Յովիկ Պարսումեան, Ակաբէ Ֆրանքեան, Արման Տէր Պետրոսեան, Կալին Պալապանեան, Գարլա ալ-Նահի, Մարիա Չիչեան-Պայրամեան, Ժագ Պոզեաքալեան, Մարինա Պէրպէրեան-Փամպուքեան, Տիգրան Այնթապլեան, Մեղեդի Փամպուքեան, Գէորգ Արոյեան, Նայիրի Պարսումեան, Ռաֆֆի Պօշկէզէնեան եւ Սինա Պասսալ:
Դաշնամուր՝ Փաթիլ Քէչէճեան, Անի Պօղիկեան, Մարիա Պարոնեան եւ Կասիա Պարոնեան:
Ապա քահանայ հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան շնորհաւորեց մշակութային շնորհքով եւ տաղանդով օժտուած շրջանաւարտները եւ գնահատեց անոնց ուսուցիչներուն աշխատանքը: Քահանայ Հայրը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարեմաղթութիւնները Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական միաւորի վարչութեան եւ ողջ անձնակազմին, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը։