Աւագ Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով կատարեց Ոտնլուայի կարգ, Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեամբ:
 
Շարականներու հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ դպրապետ բարշ. Սարգիս սրկ. Սարգիսեանի։ Աստուածաշնչական ընթերցումներով եւ Ոտնլուայի կարգին նուիրուած շարականներով հաւատացեալներուն հոգիները օրուան խորհուրդով համակուեցան:
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սուրբ Խաչով եւ Աւետարանով օրհնեց ջուրը եւ իւղը, ապա մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյ եւ խոնարհութեան օրինակին հետեւելով, լուաց քահանաներուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն ոտքերը:
 
Աւարտին, Սրբազան Հայրը ներկաներուն պարզաբանեց Ոտնլուայի խորհուրդը, յայտնելով, որ Ոտնլուայի կարգին ընդմէջէն Քրիստոս ծառայի կերպարանք ստացաւ եւ Իր աշակերտներուն ոտքերուն առջեւ խոնարհելով՝ անոնց ոտքերը լուաց:
 
Մասիս Եպիսկոպոս հաստատեց, թէ Քրիստոսի այս արարքը Աստուծոյ մօտենալու եւ մեր հոգիները մաքրելու հրաւէր մըն է իւրաքանչիւրիս համար: Ուստի, Աստուծոյ մօտենալով Քրիստոս կը մաքրէ մեր մեղքերը, ո՛չ թէ ջուրով, այլ՝ Սուրբ Հոգիով:
Աւելին, այսօրուան խորհուրդը իր մէջ կը բովանդակէ նաեւ խոնարհութեան եւ ծառայութեան պատգամը: Հետեւաբար, մեր հոգիները մաքրելուն կողքին հրաւիրուած ենք խոնարհութեան եւ ծառայութեան ճամբով մեր նմաններուն օգտակար դառնալու:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Աւագ Շաբթուան եկեղեցական արարողութիւններուն ընդմէջէն Քրիստոս մեզի պատգամներ կը փոխանցէ, իսկ հրաշափառ Ս. Յարութեամբ, Քրիստոս յաւիտենական կեանքի ճանապարհը կը բանայ բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ծառայութեամբ եւ զոհողութեամբ իրենց հոգիները Աստուծոյ կը բանան ողջ կեանքի ընթացքին:
 
Արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները օրհնուած իւղ ստանալով, հոգեկան բաւարարութեամբ մեկնեցան եկեղեցիէն: