Կիրակի 17 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց եւ Սուրբ Յարութեան տօնի պատգամը հաւատացեալներուն ուղղեց՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական մեծարգո՛յ Բաբգէն Պաթալեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան տիար Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, ազգային գործիչ տիար Վրէժ Եագուպեան, ազգային մարմիններու, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն:
 
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը, եկեղեցւոյ մուտքին, Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները նուագելով տօնական մթնոլորտ ստեղծեց: Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով եւ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի:
 
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր` որպէս առընթերականեր սպասաւորեցին Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան:
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, գլխաւորութեամբ՝ դպրապետ բարշ. Սարգիս սրկ. Սարգիսեանի: Ս. Յարութեան տօնի խորհրդաւոր շարականներով, հաւատացեալներուն հոգիները աստուածային օրհնութեամբ համակուեցան։
 
Հուսկ, Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը, բնաբան ունենալով Յովհաննու Աւետարանի 6-րդ գլխու 69-րդ համարը. «Տէ՛ր, որո՞ւն երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը Դո՛ւն ունիս»: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այսօր անգամ մը եւս բերկրանքով եւ հոգեկան ցնծութեամբ կը տօնենք Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը, այն տօնը, երբ Տէրը եկաւ ամբողջացնելու Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրը եւ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը բանալու մեր առջեւ:
 
Մասիս Եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ հինգ հազարի կերակրումէն ետք, Քրիստոս՝ Իր աստուածային ինքնութիւնը բացայայտեց: Շատեր հեռացան: Իսկ աշակերտները, թէեւ չարչարանքի եւ խաչելութեան պահուն տկարանալով հեռացան Յիսուսէն, սակայն մնացին Անոր հետ, որովհետեւ ճանչցան զԻնք որպէս Աստուածորդի, Մեսիա եւ Փրկիչ:
 
Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ Յարութեան առաւօտը Տիրոջ միանալու, Քրիստոսի աշակերտելու եւ մեր յոյսն ու հաւատքը վերականգնելու հրաւէր մըն է իւրաքանչիւրիս համար:
 
Պատգամի աւարտին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մաղթելով արեւշատութեամբ լեցուն ծաղկուն հայրապետական ծառայութիւն: Ան շնորհաւորեց Թեմի ազգային մարմինները, հոգեւորականները, Սուրիոյ տարբեր շրջաններու եւ Հալէպի մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք նուիրուածութեամբ կը պահեն քրիստոնէական հաւատքը եւ մեր ազգային արժէքները:
 
Պատարագէն ետք, դպրաց դասի «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Ազգ. Առաջնորդարան, որուն սեմին դպրաց դասին առաջնորդութեամբ հնչեց «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ եպիսկոպոսական մաղթանք, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը։ Այնուհետեւ, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն շնորհաւորութիւնները։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
 
Մարինա Պօղիկեան