Զատիկը թէեւ իր արմատներով հեթանոսական տօն է եւ հնադարեան ժամանակներէն կը խորհրդանշէ յարութիւնն ու վերանորոգումը մայր բնութեան, այդուհանդերձ քրիստոնէութիւնը մարդկայնացուց եւ հոգեմտաւոր սուրբ խորհուրդ մը ջամբեց Յարութեան տօնին։

Մարդեղինացած Յիսուս Քրիստոսի աստուածակերպ օրինակով Սուրբ Յարութեան տօնը լուսաւորեց ինքնամաքրման եւ անմահութեան ուղին հանուր մարդկութեան առջեւ։ Արդ, Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով։

Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։ Հոգեշնորհ Հայր սուրբը քարոզի սկիզբը փոխանցեց Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Հայրապետին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանին շնորհաւորանքն ու օրհնութիւնը Ս. Յարութեան տօնին առիթով, ապա շեշտեց, որ Սուրբ Յարութեան խորհուրդը կը լուսաւորէ հայութեան հաւատքի ուղին, կը վերանորոգէ հայուն հաւատքն ու յոյսը Քրիստոսի օրինակով յարութիւն առնելու եւ վերականգնելու ամէն կարգի խոցերէն ու մահացու հարուածներէն, յաղթահարելու երկրաւոր այս կեանքին հետ եկող եւ մարդոց ձեռամբ գործուած չարիքները։

Պատարագի աւարտին Հայր սուրբին առաջնորդութեամբ Դպրաց դասն ու ներկայ ժողովուրդը թափօր կազմած միացան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտութեան, միասնաբար ուղղուելով դէպի առաջնորդարանի շրջափակ։

Ազգային երգերու երգեցողութեամբ եւ տողանցքով խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ հայրսուրբը օրհնեց երիտասարդութիւնը, մանուկներն ու ներկայ ժողովուրդը եւ Կիլիկիա երգի միասնական կատարումէն ետք ազգային միութենական կազմերն ու ներկաները իրենց կարգին հոգեշնորհ հայր սուրբին առաջնորդարանի դահլիճէն ներս շնորհաւորեցին Ս.Յարութեան տօնը։ Եկեղեցասիրաց երիտասարդ կազմը ժողովուրդին Հաւկիթ ու գինի բաշխեց, որպէս աւանդոյթ Ս. Յարութեան տօնին։

Շնորհաւորական այցելութիւններ կատարեցին նաեւ համայնքի քրիստոնեայ հոգեւոր հայրեր, պատասխանատու մարմիններ, իսկ նահանգապետն ու քաղաքապետը հեռաձայնային կապերով փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւնն ու բարի մաղթանքները ։

Նշենք ու Սուրիանի ուղղափառ փողերախումբն ու սկաուտութիւնը միացան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, որոնք միասնաբար նուագելով ոգեւորեցին եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեծին։ ինչպէս նաեւ երկար տարիներու ընդհատումէն ետք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբն ու սկաուտութիւնը տողանցեցին հայահոց թաղամասեր ու ծափողջիւններով դիմաւորուեցան։

Գամիշլիահայութիւն յաղթահարեց ներկայ տագնապալի իրավիճակն ու Ճեզիրէի շրջանին մէջ ստեղծուած ճնշուածութիւնն ու լարուածութիւնը, Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով հաստատելով իր կամքն ու հաւատքը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն