“Երկիր”._18 Ապրիլին տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցը Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ԵՄ խորհուրդի նախագահի, Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի 6 Ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին, տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու օրակարգի շարք մը հարցերու մասին:

Փաշինեան եւ Միշէլ քննարկած են նաեւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրով Հայաստանին 2.6 միլիար տոլար յատկացնելու համաձայնութեան կատարման ընթացքը, ընդգծած են ներդրումային փաթեթով նախատեսուած ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրագործման կարեւորութիւնը:

Շառլ Միշէլ վերահաստատած է Հայաստանի համար նախատեսուած ներդրումային ծրագիրը լիարժէք ձեւով իրականացնելու ԵՄ յանձնառութիւնը եւ ընդգծած է ծրագիրներու գործնական իրագործման փուլը կարելի եղածին չափ արագ սկսելու կարեւորութիւնը: