Ո՛վ դաժան թուրք, ոտքդ դրիր մեր հողին վրայ,
Սարսափազդու հետք թողուցիր քու ետին՝
Ամէնուրեք ողբի ու կոծի ձայներ,
Արիւնաթաթախ, անշնչացած մարմիններ,
Մոխրացած տուներ, աւաններ…
 
Դուք անմարդկային ոճիրներով մեզ պատեցիք,
Հայ երեխան մօրը որովայնէն պոկեցիք,
Մեր մտաւորականները անգթօրէն գլխատեցիք,
Մեզ տեղահան ըրիք,
Օտար ափերու վրայ պանդխտացուցիք,
Մայրենի մեր լեզուն աւազի վրայ սորվեցնել պարտադրեցիք,
Անապատի ճամբուն մէջ սովամահ ձգեցիք,
Որբեւայրիները բազմացուցիք, Թշուառութիւնը մեր պարանոցին անցուցիք,
Հայը թախծոտ աչքերու, հոգեկան բարդոյթներու տէր ըրիք,
Անմխիթար, ողորմելի դարձուցիք,
Մեր հայրենի տունը դառնալու կարօտով հիւծեցիք։
 
Գիտէի՞ր ո՛վ թուրք, որ քեզմէ առաջ, Նախքան Քրիստոս,
Համան անունով մէկն ալ ծրագրեց ազգ մը բնաջնջել, (Եսթեր 3)
Սակայն ծրագիրը խափանուեցաւ։
Դուն ալ նոյնպէս ուզեցիր մէկ հայ թողուլ,
Այն ալ՝ թանգարանը, բայց չյաջողեցար։
Մենք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի պէս յարութիւն առինք,
Վերակենդանացանք, գոյամարտ մղեցինք,
Ծաղկեցանք եւ ծաղկեցուցինք, շէնցուցինք։
 
Դուք մեզ ցիրուցան ըրիք եւ այսպիսով մեզ ամբողջ աշխարհին հաղորդակից դարձուցիք։
Հայը “աղ եւ լոյս” ըլլալու պատիւին արժանացուցիք։
Որչափ մեզ քայքայել ուզեցիք,
Այնչափ եւ աւելի կառչած մնացինք մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն,
Ուր որ գացինք, եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, մամուլ, մշակութային կեդրոններ հիմնեցինք։
Մեր քարեղէն տաճարներուն կարողացաք դպչիլ, բայց՝ ոչ-հոգեւոր տաճարներուն, չէիք կրնար։
Ուր որ գացինք, մեր ամրակուռ հաւատքը մեր սրտին մէջ պահեցինք։
 
Հայ դատի պաշտպանները ձեռնածալ չմնացին,
Իրաւատէր ըլլալը իրենց դրամագլուխը ըրին,
Աննահանջօրէն, վճռակամ գործեցին,
Մինչ օրս կը գործեն եւ պիտի գործեն ու Տիրոջ միջամտութեամբ յաջողութիւն պիտի գտնեն։
 
Լսէ՛, ո՛վ թուրք, 24 Ապրիլ 1915-ի
Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ ու կը սպասեմ
Վրէժխնդրութիւնը իմս է ըսողին, (Հռոմայեցիս 12.19բ)
Ազգերը ծունկի բերողին, (Յյտ. Յհ 15.4)
Տիեզերքը իրեն հնազանդեցնողին, (Մարկոս 4.39)
Իմ ազգիս մէկուկէս միլիոն նահատակներուն արեան բողոքը գետնէն լսողին, (Ծննդոց 4.10)
Արդարութեան արեգակը ծագեցնողին, (Մաղաքիա 4.2)
Զրկուածին իրաւունք ընողին, (Սաղմոս 103.6)
Անքննելիին օրհնեալ ժամկէտին։ (Սաղմոս 37.7)
 
Դարձեալ կ’ըսեմ՝ կը յիշեմ, կը պահանջեմ ու կը սպասեմ։
Նայիրի Ատուրեան-Ֆրանքեան