Ապրիլ 23-ին Երեւանի մէջ, հարիւր հազար հայորդիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ջահերով երթը, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն կազմակերպուած եւ աւանդոյթ դարձած ջահերով երթերուն, ունէր այլ նշանակութիւն եւ պատգամ: Ամիսներէ ի վեր քաղաքական բեմին վրայ ծաւալուած Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման խօսքերուն ի պատասխան, հայ ժողովուրդը ողջ աշխարհի տարածքին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի ու Արցախի մէջ իր աղաղկող ՈՉը ըսաւ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան ողջ տրամաբանութեան եւ հաստատեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չունին իրենց պարտուողական ու ապազգային քաղաքականութիւնը յառաջ տանելու որեւէ իրաւունք:

Ապազգային քաղաքական գործիչներուն դժգոհութիւն պատճառած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշներուն հրկիզումը եւս իր ըսելիքը ունէր, եւ հարազատ արտայայտութիւնն էր Հ․Յ․Դ․ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի այն հաստատումին, որ կ’ըսէր. «Թուրքիան կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան թշնամին, այնքան ատեն, որ կը շարունակէ ուրանալ իր գործադրած Ցեղասպանութիւնը եւ զլանալ հայ ժողովուրդի հողային եւ նիւթաբարոյական իրաւունքներու հատուցումը» եւ որ «44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով, աւելի ցայտուն դարձած է փանթուրանական ծրագրի հետապնդումը»:

Ցեղասպանութեան տարելիցին կազմակերպուած ջահերով երթը, համայն հայութեան զարթնելու կոչ կ’ուղղէր եւ կը պատգամէր, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը լոկ մարդասիրական ու մարդկային իրաւունքներու դիտանկիւնէն պէտք չէ դիտել, այլ ինչպէս Հ․Յ․Դ․ Ընդհանուր Ժողովը կ’ազդարէր՝ զանոնք պէտք «ընկալել եւ ներկայացնել իբրեւ անկախ պետականութեան լինելիութեան եւ գոյատեւման երաշխիք»: Երեւանի մէջ բարձրաձայնուած այս պոռթկումը կու գար նաեւ մերժելու Հայաստանի իշխանութիւններու այն պնդումը, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը եւ Հայ Դատի հետապնդումը միայն սփիւռքեան օրակարգ է եւ տեղ չունի Հայաստանի պետական քաղաքականութեան մէջ:

Երեւանի մէջ հայութեան բարձրացուցած ձայնը աւելի ուժգին կը դառնար, երբ անոր կը միանար թրքական բարբարոսութեան զոհ դարձած Տէր Զօրի Յուշահամալիրէն հնչած սուրիահայութեան ուխտը, Պէյրութէն, Փարիզէն, Աթէնքէն ու Օթաուայէն լսուած հայութեան ցասումը, որոնք հարազատ արտայայտութիւններն են Հ.Յ.Դ. 34րդ Ընդհանուր Ժողովի այն հաստատումին, թէ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններու միջեւ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու հնարաւոր հաստատումը չի կրնար ըլլալ ի հաշիւ Արցախի եւ համայն հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներուն: Միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պարագային է, որ կարելի կը դառնայ հայ-թրքական ամբողջական հաշտեցումը»: Հայաստանէն ու Արցախէն եկած պահանջատիրական կեցուածքին միացող Սփիւռքի ելոյթները կը հաստատէին Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովին կատարած այն ընդգծումը, որ «Սփիւռքը, առաւելաբար իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ծնունդ, հայոց պատմական հայրենիքի բռնագրաւման արդիւնք եւ արեւմտահայերէնի ու ուրոյն մշակոյթի պահպանման կռուան՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունի հայութեան մղած պայքարին համար»:

Համահայկական այս ինքնադրսեւորումը կուգար նաեւ բացայայտելու, որ Հայաստանի իշխանութիւնները անգամ եւս կը փորձեն խաբել սեփական ազգին, երբ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը մատուցեն իբրեւ թէ առանց նախապայմաններու հաստատուող յարաբերութիւններ: Զարթնումի ու դիմադրութեան կոչը կու գար ահազանգելու, որ «Իշխանութիւններու «խաղաղութեան դարաշրջանի» խօսոյթը ձեւական բնոյթ կը կրէ, քանի որ, ըստ էութեան, Հայաստանի պարտուողական իշխանութիւնները գոհացուցած են թրքական կողմի շարք մը պահանջները»: Ուստի, անհրաժեշտ է կասեցնել եղած զիջումներու ամրագրումը եւ նոր զիջումներու ընթացքը եւ կառչիլ Հ․Յ․Դ․ Ընդհանուր Ժողովի որոշումին, որ «Յանուն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման, հայութիւնը չի կրնար ընդունիլ որեւէ նախապայման, որ կրնայ ուղղուիլ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան դէմ, կը պարտադրէ Հայաստանին՝ ճանչնալու ձեւաւորուած ներկայ փաստական սահմանները, ներառեալ պարտադրելով հրաժարիլ Հայ Դատի պայքարէն եւ հայութեան արդար պահանջատիրութենէն»:

Հետեւաբար, Երեւանի ջահերով երթին կանչը կը տարածուի համայն հայութեան վրայ, որ միահամուռ կեցուածքով կը մերժէ իր անժամանցելի իրաւունքները կացինահարող ամէն փորձ եւ կը պահանջէ, որ վերջ դրուի ազգակործան այս քաղաքականութիւնը կրող իշխանութեան, որ մոռցած է հայութեան, Հայաստանին ու Արցախին նկատմամբ կատարուած հին ու նոր չարիքները եւ Թուրքիոյ ու անոր յանցակից Ատրպէյճանի նախապայմաններուն դիմաց գլուխ խոնարհելով՝ բացած են իրենց կեղծ «խաղաղութեան դարաշրջան»-ը:

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ