15 Մարտէն մինչեւ 24 Ապրիլ 2022, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցան շարք մը նախաձեռնութիւններ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» նիւթով։

Վրաստանի Հայ Համայնքը, Վրաստանի Հայ Ուսանողական եւ Երիտասարդական միութիւններու աջակցութեամբ, 20 Մարտէն մինչեւ 19 Ապրիլ կազմակերպեց 8 ցուցահանդէս «Հայոց Մեծ Եղեռն Եւ Մշակույթային Ցեղասպանութիւն» նիւթով, մայրաքաղաք Թիֆլիսի տարբեր թաղամասերու մէջ` Վակեյի, Սաբուրթալոյի, Վարկեթիլիի, Ավլաբարիիի եւ այլ վայրերու մէջ։

Վստահաբար կարելի է ըսել, որ ցուցահանդէսները ծառայեցին իրենց բուն նպատակին եւ ընթացան իրենց հունով։ Այս տարի, Թիֆլիսի հազարաւոր բնակիչներ իմացան սարսափելի պատմական փաստին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Ցուցահանդէսներու ընթացքին կարելիութիւն եղաւ զրուցելու տարբեր մտածելակերպի մարդոց հետ, եղաւ եւ՛ դժգոհութիւն եւ՛ բանավէճ, նաեւ շնորհակալական եւ աջակցութեան խօսքեր։

18 Ապրիլին «Րաֆֆի» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Պատճառներ Եւ Փաստեր» նիւթով։ Նաեւ ՀՄԸՄ Թիֆլիսի մասնաճիւղը ներկայացուց տեսահոլովակ նուիրուած ցեղասպանութեան զոհերուն։

Իսկ արդէն 23 Ապրիլին երկու տարուան ընդմիջումէն վերջ Վրաստանի Երիտասարդական միութիւնը կատարեց աւանդական ջահերով երթ, մեթրօ Իսանիի յարակից տարածքէն դէպի Թիֆլիսի Նոր Էջմիածին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող , Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն նուիրուած խաչքարի յուշարձանին ուղղութեամբ ։ Մասնակիցներուն թիւը մօտաւորապէս 150 հոգի էր։

Մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհեցուցին խաչքարին առջեւ, Յովհաննէս Թումանեանի անուան գրական խմբակի սաները արտասանեցին, եւ աւարտին `եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած խաղաղական աղօթք։

24 Ապրիլին տեղի ունեցաւ երթ Ֆիլհարմոնիայէն դէպի Թուրքիոյ դեսպանութիւն, պահանջելով `ճանաչել Հայոց Մեծ Եղեռնը։ Երթին մասնակցեցաւ մօտ 300 հոգի։

Դեսպանութեան մօտ տեղի ունեցաւ ցոցը, որու ընթացքին խօսքով ներկայացան Վրաստանի հայ Համայնքի անդամները, հնչեցին հայրենասիրական երգեր եւ բանաստեղծութիւններ։