Երկուշաբթի, 2 Մայիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ «Ֆըթըր» Տօնին առիթով շնորհաւորագիրներ ստացաւ արաբական եւ եւրոպական բարեկամ երկիրներու նախագահներէ, որոնք նախագահ Ասատին քաջառողջութիւն եւ Սուրիոյ ժողովուրդին յարատեւ բարգաւաճում մաղթեցին։ Նախագահ Ասատ շնորհաւորագիրներ ստացաւ հետեւեալ երկիրներու նախագահներէն՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ, վարչապետ, Տուպայի գահակալ Մուհամմէտ պըն Ռաշէտ ալ-Մաքթումէն, Ապու Տապիի գահակալ՝ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ -Նահեանէն, Ալճերիոյ նախագահ Ապտուլ Մաճիտ Թապպունէն, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասէն, ինչպէս նաեւ Սուտանի, Տաճկիստանի, Իւզպէքիստանի եւ Ֆիլիփինի նախագահներէն։