Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Առաջին Տիկին Ասմա ալ-Ասատ «Ֆըթըր» Տօնին առիթով այցելեց Դամասկոսի Արուարձանին մէջ գտնուող «Կեանքի Մեղեդին» պատսպարանը։ Առաջին Տիկինը նուէրներով ուրախացուց փոքրիկները եւ շնորհաւորեց պատսպարանի պատասխանատուներն ու օգնական մայրերը, որոնք ճիգ չեն խնայեր փոքրիկներուն եւ պատանիներուն խնամելու եւ անոնց բոլոր պէտքերը յոգալու համար։