4 Մայիսին «Դիմադրութեան» շարժումը վերսկսած է անհնազանդութեան լայնածաւալ ցոյցեր՝ Երևանի եւ մարզերու մէջ։ Առաւօտեան ժամերէն քաղաքացիները ինքնաբուխ ցոյցեր իրականացրուցած են՝ փակելով խաչմերուկներ, կամուրջներ մայրաքաղաքի տարբեր բաժիններուն մէջ։

Երեւանի տարբեր ուղղութիւններով տեղի ունեցած են «Դիմադրութեան» շարժումի երթեր։ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի գլխաւորութեամբ՝ Ֆրանսայի հրապարակէն քաղաքացիները երթով, փողոցներ փակելով ու իրազեկման ցոյց իրականացնելով, քալած են դէպի Մաշտոցի պողոտայ։

«Այսօր առտուընէ մեր հայրենակիցները ողջ մայրաքաղաքին մէջ սկսած են բողոքի անհնազանդութեան ցոյցեր, այս պահուն մօտաւոր 10 ուղղութիւններով նման քայլերթներ կ’իրականացուին», լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Իշխան Սաղաթէլեան։

Ակնյայտ է, որ ժողովուրդը ոտքի կանգնած է, մեր թիւը ժամ առ ժամ, վայրկեան առ վայրկեան կ’աւելնայ, երէկ տեսաք, թէ երեկոյեան տեղի ունեցած երթին քանի տասնեակ հազար մարդ մասնակցած էր։ «Յստակ կրնանք արձանագրել, որ մեր ժողովուրդը իր պահուածքով արձանագրեց, որ օրուան իշխանութիւնը չունի հովանաւոր՝ երկիրը նոր զիջումներու տանելու։

Հիմա կրնանք փաստել նաեւ, որ իրենք չունին այլևս իշխանութիւն և պէտք է օր առաջ հեռանան»։ Երբ հարց տրուեցաւ, որ իշխանութեան կողմէն ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու առաջարկներ եղա՞ծ են, Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իրենց հետ խօսելու մէկ օրակարգ կայ եւ ատիկա օրուան իշխանութիւններու անցնցում եւ արագ հեռանալու օրակարգն է։

«Մեր պայքարը պիտի աւարտի Նիկոլի հեռացումով եւ Հայաստանի համար պիտի բացուի նոր արշալոյս, որովհետեւ այս մարդիկ պետութիւնը կը տանին կործանումի։ Իրենց հեռացումով Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, Հայաստանը պիտի չթրքացուի։

Ժողովրդական ճնշումին տակ այս իշխանութիւնները պէտք է հեռանան», ընդգծած է Իշխան Սաղթէլեան։ Խօսելով իրենց հետագայ քայլերուն և գործողութիւններուն մասին՝ Սաղաթէլեան ըսած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալէն վերջ պիտի ձևաւորուի ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն՝ տարբեր ուժերէ բաղկացած։

Սաղաթէլեան պատասխանելով այն հարցումին, թէինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ ՔՊ-ական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի յայտարարութիւնը, որ ԱԱԾ-ին յանձնարարած է փողոցէն բերման ենթարկուածներուն տուեալները փոխանցել ՊՆ-ին, որպէսզի զիրենք տանի Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւնը պահպանելու։

Ան ըսած է “Ես ԱԱԾ-ին կը յանձնարարեմ, որ զբաղի դաւաճաններով, որոնք մեր պետութեան համար լուրջ սպառնալիք են”։

Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարած է, որ այս պահուն Հայաստանի տարբեր շդջաններուն մէջ պիտի շարունակուին խաղաղ անհնազանդութեան ցոյցերը: