27 Ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Հայ Օգնութեան Միութեան «Լաւագոյն Ուսանող» ծրագիրի պարգեւատրումին արարողութիւնը: Արարողութեան ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, ՀՕՄ-ի Հայաստանի եւ Արցախի վարչութիւններու ատենապետուհիները, Արցախի պետական, Շուշիի ճարտարագիտական, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Գրիգոր Նարեկացի համալսարաններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, ուսանողներ:

1998_ին Արցախի մէջ գործող այս ծրագօրով 100 ԱՄՆ տոլարի չափով դրամական պարգեւի տեսքով կը խրախուսուէին ընկերային վիճակը անապահով, սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ ապրող այն ուսանողները, որոնք ուսման ընթացքին լաւագոյն յառաջդիմութիւն ցուցաբերած են:

Նախորդ երկու տարիներուն ծրագիրը չէ գործած, իսկ այս տարի ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած է ծրագիրին շահառու դարձնել 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած 105 ուսանողներ: «Իր գոյութեան աւելի քան մէկդարեայ պատմութեան ընթացքին ՀՕՄ-ը իր համազգային գործունէութեամբ ու նպատակներով հանդիսացած է հայրենիք-Սփիւռք կապը ամբողջացնող ու զարգացնող հզօր կառոյց:

1992_ին մուտք գործելով Արցախ, ՀՕՄ-ը իրականացուցած է շարք մը ծրագիրներ եւ նպաստած է կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահութեան, ընկերային ու տնտեսական այլ ոլորտներու մէջ բարձր յառաջընթացի գրանցումին:

Այդ տարիներու ընթացքին Արցախի մէջ իրականացուած ծրագիրները ակնառու եղած են հասցէականութեամբ, բարձր արդիւնաւէտութեամբ ու բացառիկ հաշուետուողականութեամբ, իսկ ատիկա ՀՕՄ-ի կատարած աշխատանքներու լաւագոյն արժեւորումն է», իր բացման խօսքին մէջ յայտնած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան։

Անոր խօսքով, տարիներ շարունակ նեցուկ կանգնելով կրթական համակարգին, «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիր ձեռնարկով՝ Հայ Օգնութեան Միութիւնը նպաստած է, որ ունենանք կրթուած ու լայնախոհ երիտասարդներ: ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՕՄ-ի վարչութեան Արցախին նեցուկ կանգնելու, Արցախի պետական, Շուշիի ճարտարագիտական, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Գրիգոր Նարեկացի համալսարաններու ղեկավարներուն ու ուսանողներուն հետ տարուող աշխատանքներու գծով պատասխանատուներուն՝ ուսանողներու ընտրութեան օժանդակելուն համար:

«Սիրելի՛ ուսանողներ, պատերազմի դաժան օրերուն դուք դարձած էիք հայրենիքի հրաշունչ զինուորներ եւ անձնուրացաբար կը պայքարէիք մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողին համար՝ գիտակցելով, որ Ձեր թիկունքը թողած էք ընտանիք, քոյր, մայր, հարազատներ: Աւաղ, ձեր ընկերներէն շատերը չվերադարձան, անոնք ինկան մարտին դաշտը, արեամբ սրբացնելով մայր հողը: Յաւերժ փառք անոնց:

Չմոռնաք, որ մեր հայրենիքի ապագան ձեր ձեռքերուն մէջ է: Կը մաղթեմ ձեզի ուսման մէջ եւ ապագայ տարիներուն նոր ձեռքբերումներ եւ յաջողութիւններ: Համոզուած եմ, որ Ձեր ներուժն ու մասնագիտական կարողութիւնները այսուհետեւ նոյնպէս պիտի ծառայեցնէք մեր հայրենիքի շէնացման եւ սահմաններու յուսալիօրէն պաշտպանութեան», ըսած է Լիլիթ Մարտիրոսեան:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան վարչութեան անունով յայտնեց, որ հպարտ են Արցախի մէջ գտնուելու եւ փոքրիկ նուէրով իրենց շնորհակալութիւնը հայրենիքի պաշտպան ուսանողներուն յայտնելուն համար:

Ան տեղեկացուց է, որ 1995_ին Սփիւռքի մէջ ՀՕՄ-ը կրթաթոշակներ կը յատկացնէր համալսարան ընդունուած կամ արդէն սորվող ուսանողներուն, բայց հայրենիքի մէջ այդպիսի ծրագիր չկայ:

Ուստի ՀՕՄ-ը, կարեւոր համարելով ուսումը, մասնագիտութիւն ստանալը, որոշեց հայրենիքի՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի մէջ գնահատել ուսանողները եւ փոքր նուէրով ոգեւորել՝ շարունակելու ուսումնառութիւնը:

Նախաձեռնութեան ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Ալիոնա Գրիգորեան: Կարեւոր համարելով ծրագիրի իրագործումը, Ալիոնա Գրիգորեան կոչ ուղղած է ուսանող տղոց կրկին կեանքի վերադառնալու:

Աւարտին ծրագիրի իրագործման համար շնորհակալական խօսքով հանդէս եկած են Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքներու եւ մասնագիտութեան բաժնի ներկայացուցիչ Լիլիթ Մարգարեան, Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի ղեկավար Ալիսա Պաղտասարեան եւ Շուշիի ճարտարագիտական համալսարանի ուսանողներու հետ աշխատանքներու բաժինի ղեկավար Արեւիկ Յարութիւնեան: