Թուրքիոյ արտգործնախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն անդրադարձած է Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին շուրջ կայանալիք յատուկ ներկայացուցիչներու երրորդ հանդիպումին մասին:
Չաւուշօղլուի խօսքով՝ յատուկ ներկայացուցիչները Վիեննայի մէջ կայանալիք 3-րդ հանդիպումին նոյնպէս պիտի քննարկեն տարբեր քայլեր, որոնք կրնան իրականանալ յառաջիկայ գործընթացին:
«Սահմանը կրկին ճշդելու հարցով համաձայնութիւն կար: Թէ այդ ինչպէ՞ս  պիտի ըլլայ: Օրինակ. համատեղ յանձնաժողո՞վ պիտի ստեղծուի: (Անոնք) Ատրպէյճանի հետ միատեղ յանձնաժողով ստեղծելու որոշո՞ւմ պիտի գոյացնեն…», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց  նախարարը:
Ան խօսած է նաեւ Ուրուկուէյի մէջ իր կողմէ «գորշ գայլեր»ու աջ ծայրայեղական կազմակերպութեան նշանի ցուցադրման մասին, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր: Չաւուշօղլուն ըսած է.
«Անոնք վստահեցուցին մեր դեսպանին, որ մեր շէնքի բացման ընթացքին այդ խումբին թոյլ պիտի չտան մօտենալ: Սխալ էր այնտեղ խումբին մօտենալ թոյլ տալը այն պարագային, երբ խօսք  տուած էին: Իսկապէս, ցուցարարները տգեղ վարմունք դրսեւորեցին: Անընդունելի այդ վարմունքէն վերջ մենք ալ մեր անհրաժեշտ պատասխանը տուինք: Մեր ըրած շարժումը ո՛չ Ուրուկուէյի իշխանութիւններուն, ո՛չ Ուրուկուէյի ժողովուրդին, ո՛չ ալ ցուցարարներուն ուղղուած վիրաւորանք է: Այդ իսկ պատճառով անտեղի է մեզ մեղադրելը: Մենք ըսինք, որ պէտք է նայիլ ապագային»:
Յիշեցնենք, որ Ուրուկուէյի մէջ հայ ցուցարարները տեսնելով թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն մեքենայով դուրս եկող Չաւուշօղլուն, սպաներէնով վանկարկած էին՝ «մարդասպան»:
Ի պատասխան վանկարկումներուն, Չաւուշօղլուն, ծաղրական ժպիտ մը դէմքին, մատներով ցոյց տուած աջակողմեան ազգայնական «գորշ գայլեր» ծայրայեղական կազմակերպութեան ծանօթ նշանը, որ կը խորհրդանշէ թրքական ազգայնականութիւնը: