Վերջին ամիսներուն, յատկապէս Սուրիոյ «Ֆըթըր» տօնին առիթով, սղաճը անտրամաբանական չափանիշներու հասաւ: Յատկապէս սննդեղէնի գիներու կտրուկ բարձրացումը դժուարացուց սահմանափակ եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն սնունդ ապահովելու կարիքը, զիրենք մատնելով անել կացութեան:
Յստակ է մէկ բան, որ վաճառականներ կը չարաշահեն երկրին կացութիւնը, վառելանիւթի ապահովման, նահանգէ նահանգ փոխադրութեան դժուարութիւնները՝ իրենց շահը ամէն գնով կրկնապատկելու խեղճ ժողովուրդին հաշուոյն,  շրջանցելով պետական կողմերու շուկաներու եւ գիներու վերահսկումի  յայտարարութիւններն ու խոստումները:
Շուկաներ շրջողը ականատես կը դառնայ սահմանափակ եկամուտներ ունեցող քաղաքացիներու գնողունակութիւնը գերազանցող, անտրամաբանականօրէն բարձրացող ու յաճախ տատանող անկայուն գիներուն։
Սպառողներու  իրաւունքներու պաշտպանութեան միութեան ղեկավարին իսկ հաստատումով գիներու բարձրացումը ենթակայ կը մնայ ապրանք վաճառողներու քմահաճոյքին եւ շահերուն, աւելի քան առարկայական ծախսերուն:
Գիներ բարձրացնողները կը շրջանցեն կառավարութեան որոշումներն ու վերահսկողութեան մեքանիզմը:
Յատկապէս այս շաբթուան ընթացքին տեղական արտադրութիւններուն գիները գերազանցած են ներածուող ապրանքներունը։
Տնտեսագէտներ լուծումը կը գտնեն քանի մը քայլերու մէջ. նախ վաճառականներուն ներածումի յաւելեալ ազատութիւն տալով, որովհետեւ ներածուող որոշ ապրանքատեսակներու ծախսը տեղական արտադրութենէն աւելի նուազ է, ապա պետական վաճառատուներու մէջ սննդամթերքի վաճառքի կըրկնապատկումով՝ սեւ շուկայի մէջ ապրանքներու պահանջը տկարացնելու եւ յատկապէս սննդամթերքը յարմար գիներով տրամադրելու բնակչութեան:
Սուրիան հարուստ է իր գիւղատնտեսութեամբ, բերքի առատութեամբ, ուստի տրամաբանական չէ ժողովուրդի սննդամթերքի նուազագոյն պահանջին ապահովումը այսքան դժուարացնել:
Թէեւ վաճառականներ կը պատճառաբանեն, թէ տեղական արտադրութիւնները սպառողին հասցնելը շատ ծախսալից դարձած է վառելանիւթի, ելեկտրականութեան տագնապին բերումով, սակայն ներկայ սղաճը յստակ չարաշահման արդիւնք է, որովհետեւ կապուած է տօնական օրերուն ժողովուրդին պահանջին աճին հետ:
Բնականաբար օրեր ետք, երբ պահանջը համեմատաբար նուազի, վաճառականներ ապրանքներու, յատկապէս սննդամթերքի գիները պիտի նուազեցնեն, որովհետեւ առիթը օգտագործած ու բաւարար շահ ապահոված պիտի ըլլան արդէն:
Այս թոհուբոհին վերջ դնելու համար հարկ է, որ շուկաները հսկող պետական մարմինները, շրջող պարեկները աւելի ազդեցիկ ներկայութիւն դառնան, կանխելու համար ապրանքներու խելայեղ սղաճը եւ մեղմացնելու ժողովուրդին տագնապալի վիճակը: