Ազգային Ժողովին կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ «Հայաստան» խնբացութեան պատագամաոր Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ իրենք հրապարակի վրայ հաւաքուած ժողովուրդի կողմէն գործուղուած են՝ ներկայացնելու Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի հանրային պահանջը եւ այդ նպատակով են, որ այստեղ են։

Այնուհետեւ Ռուստամեան ընթերցեց այդ պահանջը. «Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող Նիկոլ Փաշինեան, տապալելով Արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի հայկական շահերը պաշտպանելու գործը, բերած է պատերազմ ու պարտութիւն։

Խոստովանած է, որ կրնար կանխել պատերազմն ու խուսափիլ հազարաւոր զոհերէ, բայց չէ ըրած։ Յունիս 2021_ին խոստացած է 1-2 ամիս անց վերադարձնել գերիները, բայց մինչ օրս գերիներ ունինք։ Իր նախընտրական ծրագիրով խոստացած է, որ պիտի վարէ Արցախի վերջնական կարգավիճակի յստակացման քաղաքականութիւն ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իւրացումի միջոցով։

Պնդած է, որ Արցախի ժողովուրդը չի կրնար գոյատեւել Ատրպէյճանի ենթակայութեան տակ, առաջնահերթ կը համարէ Արցախի տարածքներու բռնագրաւումը, սակայն փաստացիօրէն կ’իրականացնէ Ղարաբաղը Ատրպէյճան է և վերջ քարոզն ու կը պաշտպանէ Արցախի կարգավիճակի նշաձողի իջեցումը՝ անիկա է Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու թուրք-ատրպէյճանական տեսակէտը։ Խոստացած է տնտեսական թռիչքաձեւ աճ, բայց աճած են պետական պարտքը, աղքատութիւնը, գիները եւ մահերը։

Չէ կատարած բազմաթիւ խոստումներ, որոնցմէ վերջինը ողբերգական աւարտ ունեցաւ։ Պատավաթապետութեան դէմ խօսող, կարմիր լոյսի տակ իր ինքնաշարժները կանգնեցնելն ու հետիոտները զիջելը իբրեւ ձեռքբերում ներկայացնող Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարքը սպանեց կինը եւ իր չծնած երեխան։

Նիկոլ Փաշինեան ղեկավար չէ, չունի մեր պետութիւնը նոր զիջումներու տանելու հովանաւոր ու պէտք է հրաժարական տայ»։

«Այս հարցերէն մէկուն առկայութիւնը փաստելու պարագային ինքզինք յարգող որեւէ երկրի վարչապետ հրաժարական կու տար։ Հիմա պատասխան կա՞յ այս պահանջին, թէ՞ ոչ», ըսաւ Ռուստամեան։